ՈՂՋՈՒՆԵԼԻ ԵՒ ՈՒՐԱԽԱՌԻԹ ՅՈԲԵԼԵԱՆ. ՏԻԳՐԱՆ ՊԱՍԿԵՒԻՉԵԱՆԻ 60-ԱՄԵԱԿԸ

Հայկական մտաւորական աշխարհի վառ ներկայացուցիչներէն Տիգրան Պասկեւիչեան այսօր կը դառնայ 60 տարեկան։ Ուրախառիթ եւ ողջունելի յոբելեան մըն է այս մէկը՝ քանի յոբելեարը հայոց արդի տարեգրութեանց մէջ ուրոյն հետք մը ունի՝ իր բազմակողմանի գործունէութեամբ։ Տիգրան Պասկեւիչեանի 60-ամեակը հնարաւորութիւն մըն է հանրային կարծիքին միտքը թարմացնելու, անոր բազմառանցք արտադրանքին շուրջ. արտադրանք, որ ապագայ սերունդներուն տեսակէտէ նշանակութիւն կ՚ունենայ լա՛ւ ընկալելու համար մերօրեայ ժամանակները, երբ համայն հայութիւնը կը դիմագրաւէ լրջագոյն մարտահրաւէրներ։

Տիգրան Պասկեւիչեան նախ եւ առաջ գրող է. բանաստեղծ, բեմագիր, սիւնակագիր, հրապարակագիր, խմբագիր եւ այսպէս շարունակ։ Ան հասարակական գործիչ է, նաեւ քաղաքական դէմք։ Դիւանակալական ոլորտի մէջ ալ ունի հետաքրքրական փորձառութիւն՝ միշտ հասարակութեան հետ յարաբերութիւններու կտրուածքով։ Համատարած ըմբռնում է, թէ մարդիկ առաւելագոյն յաջողութեան եւ արդիւնաւէտութեան կրնան հասնիլ առաւելաբար իրենց բո՛ւն մասնագիտութեան մէջ եւ տարածուելու պարագային կրնան ռիսքեր ունենալ։ Տիգրան Պասկեւիչեանի գործունէութեան հանրագումարը, ի՜նչ խօսք կը հակադրուի այս ընդհանուր համոզումին։ Ան վերոյիշեալ բոլոր ուղղութիւններուն վրայ յաւակնոտ նուաճումներ արձանագրած է եւ բարձր գնահատանքի արժանացած՝ ստեղծագործութեան որակին ու արտադրանքի մակարդակին առումով։ Այդ բազմազան գործունէութեան մէջ Տիգրան Պասկեւիչեանի յաջողութեան ու հանճարի պարագային կայ գրաւական մը, որն է իր իսկական մտաւորական մը ըլլալը։ Ան կը մարմնաւորէ այնպիսի կերպար մը, որ միշտ բարձր կը պահէ՝ հայ իրականութեան մէջ այդքան շռայլուած յիշեալ կոչումին նշաձողը։ Մտաւորականութիւնը իր պարագային վարպետութեան կամ հմտութեան հարց մը չէ, այլ կը պայմանաւորէ իր աշխարհընկալումը, հաւաքական պատասխանատուութեան գիտակցութիւնը, գործունէութեան ու արտադրութեան ենթագետինը։

Տիգրան Պասկեւիչեան աշխարհը կը դիտարկէ ուշադրութեամբ, խորաթափանց կ՚ընկալէ ժամանակներու ոգին ու որպէս լիարժէք անհատ՝ այնպէս մը կը նաւարկէ, որ սեփական ազգին, հարազատ ժողովուրդին ճանապարհ ցոյց կու տայ, հաւաքական կեանքի առջեւ նոր հորիզոններ կ՚ուրուագծէ՝ անժամանակ ձեռքբերումներու հասնելու տեսակէտէ բանալիներու տիրապետելու առումով։ Տիգրան Պասկեւիչեանի ծաւալած գործունէութիւնը, ըստ էութեան, ահռելի ներդրում մը կը համարուի հայոց պետութեան, համահայկական օրակարգի եւ այս վերջիններուն ածանցուած բազմաբնոյթ խնդիրներու առողջ ընկալման տեսակէտէ։ Պասկեւիչեանի հայեացքը թէ՛ իր եւ թէ իրմէ ներշնչուածներուն առջեւ կը բանայ լաւ համադրողի մը դռները։ Ան լաւ համադրող մըն է՝ հայեացքը ուղղած դէպի կենցաղներ, մշակոյթներ, դէպի երկիր մոլորակ, արժէքներ, դէպի իսկական կեանք, մարդկութիւն, Հայաստան եւ հայութիւն, նաեւ իր խորքայնութեամբ՝ դէպի վերացականութիւն։

Անսպառ եռանդ ու բազում տարիներ կը մաղթենք 60-ամեայ Տիգրան Պասկեւիչեանին։ ԺԱՄԱՆԱԿ-ի ընտանիքը ամենաջերմ զգացումներով կը շնորհաւորէ իր սիրեցեալ բարեկամին եւ արժէքաւոր գործընկերոջ յոբելեանը։

Ուրբաթ, Փետրուար 21, 2025