ԴԻՒԱՆԱԳԻՏԱԿԱՆ ԵՐԹԵՒԵԿ
Թուրքիա եւ Ռուսաստան միշտ ամենաբարձր մակարդակի վրայ կապի մէջ են՝ օգտագործելով նաեւ միջազգային հաւաքներու ընձեռած հնարաւորութիւնները։ Անգարա-Մոսկուա առանցքին վրայ հետեւողական շփում կայ՝ համաշխարհային անվտանգութեան խնդիրներու կապակցութեամբ։ Երէկ, արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան հանդիպում մը ունեցաւ Ռուսաստանի իր պաշտօնակցին՝ Սերկէյ Լաւրովի հետ։ Զրոյցը տեղի ունեցաւ Եուհաննէսպուրկի մէջ, ուր անոնք մասնակցեցան Մեծն քսանեակի (G20) անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու հաւաքին, որ կազմակերպուեցաւ Հարաւային Ափրիկէի հիւրընկալմամբ։
Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, նախարարները կանգ առին Ուքրայնա-Ռուսաստան պատերազմը աւարտին հասցնելու ուղղեալ գործընթացին վրայ։ Անոնք մասնաւոր ուշադրութեան առարկայ դարձուցին Սուրիոյ ընդհանուր կացութիւնն ու Կազզէի իրադարձութիւնները։ Ֆիտան եւ Լաւրով շօշափեցին տարածաշրջանային խնդիրները, նաեւ կարծիքի փոխանակումներ ունեցան համաշխարհային անվտանգութեան նիւթերու շուրջ՝ վերջին շրջանի միջազգային զարգացումներու շրջանակէն ներս։
Եուհաննէսպուրկի մէջ Ֆիտան հանդիպումներ ունեցաւ նաեւ Չինաստանի արտաքին գործոց նախարար Ուանկ Եիի, Սինկափուրի արտաքին գործոց նախարար Վիվիան Պալաքրիշնանի, Սպանիոյ արտաքին գործոց նախարար Խոզէ Մանուէլ Ալպարեզ Պուէնոյի եւ Իրլանտայի արտաքին գործոց նախարար Սիմոն Հարիսի հետ։
G20-ի հաւաքի ընթացքին յատուկ ուշադրութիւն ցուցաբերուեցաւ պարէնային անվտանգութեան հարցերուն նկատմամբ, ինչ որ այս պահուն չափազանց կարեւոր է Ափրիկէի երկիրներուն տեսակէտէ։ Օրակարգի վրայ եկան նաեւ աշխարհաքաղաքական իրադրութեան հարցերը։ Նախարարները քննարկեցին անոնցմէ առաւել կարեւորները՝ ներառեալ Ափրիկէի, Մերձաւոր Արեւելքի եւ Եւրոպայի զինեալ հակամարտութիւնները՝ միշտ հետամուտ ըլլալով հասնելու անոնց լուծումներուն շուրջ փոխադարձ ըմբռնման։
Եուհաննէսպուրկի հաւաքին մասնակցեցան նաեւ Անկոլայի, Եգիպտոսի, Սպանիոյ, Հոլանտայի, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու ներկայացուցիչները. այդ երկիրները մաս չեն կազմեր G20-ին։