ԵՌՈՒՆ ԻՐԱՎԻՃԱԿ

Իսթանպուլի գլխաւոր քաղաքապետարանէն ներս ձեռնարկուած՝ նոյնաժամանակ երկու հարցաքննութիւններու վերաբերեալ խնդիրները վերջին օրերուն կը բնորոշեն Թուրքիոյ օրակարգը։ Թէ՛ ահաբեկչութեան եւ թէ կազմակերպուած յանցագործութեան վերաբերեալ պնդումներով իրաւապահ մարմինները ձեռնարկած են լայնածաւալ գործողութեան մը, որու ծիրէն ներս հսկողութեան տակ առնուած է նաեւ Իսթանպուլի գլխաւոր քաղաքապետ Էքրէմ Իմամօղլու։ Հանրային կարծիքը մէկ կողմէն կը հետեւի իրաւապահ մարմիններու հրապարակումներուն, իսկ միւս կողմէ արդէն ներքին քաղաքական կեանքէն ներս լուրջ լարուածութիւն մը յառաջացած է։ Նկատի ունենալով, որ Էքրէմ Իմամօղլու գլխաւոր ընդդիմադիր ՃՀՓ-ի կողմէ հանրապետութեան նախագահի թեկնածու ցոյց պիտի տրուէր՝ այս իրադարձութիւնը արդէն իշխանութիւն-ընդդիմութիւն յարաբերութիւններուն մէջ ալ լարուածութիւն յառաջացուցած է։ ՃՀՓ-ի կուսակցապետ Էօզկիւր Էօզէլ եւ այլ ընդդիմադիր շարժումներու ղեկավարներ այս փուլին ծանր մեղադրանքներ կը հասցէագրեն՝ մանաւանդ ԱՔ կուսակցութեան։ Իշխանական ճամբարն ալ կը փոխադարձէ՝ յայտնելով, որ պէտք է կեդրոնանալ հրապարակուած պնդումներուն վրայ, այլ ոչ թէ քաղաքական բանավէճի։

Յամենայնդէպս, երկրի բազմաթիւ քաղաքներուն մէջ արտասովոր կացութիւն ստեղծուած է՝ ներառեալ Իսթանպուլը։ Բազմաթիւ բողոքի ցոյցեր տեղի կ՚ունենան երկրի քաղաքներուն, զանազան համալսարաններուն մէջ։ Իսթանպուլի ցոյցերու հիմնական հասցէն Սարաչհանէի քաղաքապետարանի համալիրը դարձած է։

Միւս կողմէ, ՃՀՓ-ի կողմէ կը բարձրացուին նաեւ կոչեր՝ շաբաթավերջին բողոքի ցոյցերու, հանրահաւաքներու կազմակերպման ուղղութեամբ։

Ուրբաթ, Մարտ 21, 2025