Չորեքշաբթի 2, Ապրիլ 2025
ՓԱՇԻՆԵԱՆ-ՔՈՊԱԽԻԾԷ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան երէկ Երեւանի մէջ հիւրընկալեց Վրաստանի վարչապետ Իրակլի Քոպախիծէն։ Վարչապետներու տեսակցութեան առիթ հանդիսացաւ երկու երկիրներու ֆութպոլի ազգային հաւաքականներու հանդիպումը, որ երէկ երեկոյեան տեղի ունեցաւ Երեւանի «Վազգէն Սարգսեան» հանրապետական մարզադաշտին վրայ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Փաշինեան Քոպախիծէի նկատառման յանձնեց, որ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ ենթադրեալ խաղաղութեան պայմանագրի նախագծին բովանդակութիւնը արդէն համաձայնեցուած է եւ համապատասխան բանակցութիւնները հասած են իրենց աւարտին։
Փաշինեան եւ Քոպախիծէ զրուցեցին նաեւ հայ-վրացական օրակարգի նիւթերուն շուրջ։
Ուրբաթ, Մարտ 21, 2025