ՀԱՐԵՒԱՆՆԵՐՈՒ ԶՕՐԱԿՑՈՒԹԻՒՆ

Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Սուրէն Պապիկեան երէկ Երեւանի մէջ հիւրընկալեց Իրանի պաշտպանութեան նախարար Ազիզ Նասիրզատէն։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով՝ Սուրէն Պապիկեան պաշտօնակիցը հանդիսաւոր արարողութիւնով դիմաւորեց Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութեան համալիրէն ներս, ուր Ազիզ Նասիրզատէ կատարեց նաեւ ծառատունկ մը։

Երկու նախարարներուն գլխաւորած պատուիրակութիւնները օրուան ընթացքին վարեցին բանակցութիւններ՝ բարձր գնահատելով պաշտպանական բնագաւառէ ներս Երեւան-Թեհրան համագործակցութեան մակարդակը։ Քննարկուեցան երկու հարեւան երկիրներու միջեւ համագործակցութեան այժմու ընթացքին շուրջ նիւթեր։ Նախարարներու գլխաւորութեամբ արժեւորուեցան նաեւ տարածաշրջանային եւ միջազգային անվտանգութեան վերաբերեալ շարք մը հարցեր։

«Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Ազիզ Նասիրզատէ յայտնեց, որ տարածքային ամբողջականութեան եւ տարածաշրջանային սահմաններու կայունութեան պահպանումը իր երկրի քաղաքականութեան անփոփոխ սկզբունքներէն մին է։ «Իրան թոյլ չի տար որեւէ ոտնձգութիւն Հայաստանի հետ իր սահմանին դէմ», ըսաւ ան՝ ընդգծելով այդ մէկուն պատմական բնոյթը։

Չորեքշաբթի, Մայիս 21, 2025