ՍՈՒՐԻՈՅ ՊԱՐԱԳԱՆ ԱՆՈՐՈՇ
ՄԻԹ-ի ղեկավար Իպրահիմ Քալըն երէկ Դամասկոսի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Սուրիոյ նախագահ Ահմէտ Շարայի, արտաքին գործոց նախարար Էսատ Շէյպանիի եւ լրաքաղութեան սպասարկութեան ղեկավար Հիւսէյին Էս-Սելամէի հետ։ Ան այս առթիւ վերահաստատեց, որ Թուրքիա միշտ Սուրիոյ կողքին է ու կը շեշտէ անոր տարածքային ամբողջականութեան, ինքնիշխանութեան ու քաղաքական կայունութեան կարեւորութիւնը։ Տեղական մամուլի հաղորդումներով՝ քննարկումներու ընթացքին շօշափուեցան ահաբեկչական միւս խմբաւորումներու նման ՓՔՔ-ԵՓԿ-ի ալ զինաթափուելով նոր Սուրիոյ համարկման վերաբերեալ հարցեր։ Օրակարգի վրայ եկան նաեւ սահմանային անվտանգութեան, անցակէտերու, ԻՇԻՊ-ի («Իրաք-Շամի իսլամական պետութիւն» ահաբեկչական խմբաւորում) անդամներու գտնուած բանտերու եւ ճամբարներու կառավարման փոխանցման հարցերը։ Քալըն ընդգծեց, որ Անգարա պատրաստակամ է Դամասկոսի ղեկավարութեան անհրաժեշտ ամէն աջակցութիւն ցուցաբերելու։
Բացի Քալընէն, Ազգային պաշտպանութեան նախարարութենէն պատուիրակութիւն մըն ալ երէկ մեկնեցաւ Դամասկոս։ Պատուիրակութիւնը կը գլխաւորէ նախարարութեան պաշտպանութեան ու անվտանգութեան բաժանմունքի ընդհանուր տնօրէն զօրավար Իլքէր Ալթընտաղ, որ հիւրընկալուեցաւ Սուրիոյ պաշտպանութեան նախարար Նուրհեֆ Էպու Քասրայի կողմէ։
Դամասկոսի ղեկավարութեան նկատմամբ, միջազգային բեմահարթակի վրայ վերջին շրջանին կը նկատուի նոր վերաբերմունք մը։ Ուաշինկթըն եւ Պրիւքսէլ աստիճանաբար կը մեղմացնեն իրենց դիրքորոշումները։ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներէն վերջ Եւրոմիութիւնն ալ որոշած է քայլերու ձեռնարկել՝ Սուրիոյ դէմ սահմանուած պատժամիջոցներու մասամբ դադրեցման համար։
Յամենայնդէպս, ԱՄՆ-ի պետական քարտուղար Մարքօ Ռուպիօ յայտնեց, որ Սուրիոյ պարագային առկայ է նոր ներքին պատերազմի մը վտանգը։ Ծերակոյտէ ներս կազմակերպուած լսումի մը ընթացքին, Ռուպիօ կոչ ուղղեց, որպէսզի Դամասկոսի ղեկավարութեան նկատմամբ զօրակցութիւն ցուցաբերուի։ Իր խօսքով՝ հաշուի առնելով երկրի առկայ դժուարութիւնները՝ Դամասկոսի ղեկավարութիւնը նոյնիսկ միայն քանի մը շաբթուան ընթացքին կրնայ կքիլ եւ Սուրիա կրնայ լայնածաւալ ներքին պատերազմէ մը վերջ պառակտուիլ։ Հետեւաբար, ԱՄՆ կը փափաքի, որ այս վտանգին դէմ Սուրիոյ անցումային կառավարութիւնը ըլլայ յաջող։