ԼԱՒՐՈՎ ՀԱՅԱՍՏԱՆ ԱՅՑԷՆ ՎԵՐՋ Կ՚ԸՆԴՈՒՆԻ ՖԻՏԱՆԸ
Երեւանի ղեկավարութիւնը այսօր կը հիւրընկալէ Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովը։ Այս առաւօտ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան ընդունեց իր ռուս պաշտօնակիցը, որու հետ ունեցաւ առանձնազրոյց մը։ Մինչ այդ Լաւրով ծաղկեպսակ մը զետեղեց՝ Երեւանի Յաղթանակի զբօսայգիի անծանօթ զինուորի շիրիմի անմար կրակին մօտ։
Միրզոյեան եւ Լաւրով առանձնազրոյցէն վերջ գլխաւորեցին պատուիրակութիւններու բանակցութիւնները, որոնց աւարտին սարքեցին մամլոյ ասուլիս մը։ Այս փուլին ռուս նախարարը յայտնեց, որ իր երկիրը անկեղծօրէն կը ձգտի Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւններու կարգաւորման՝ որպէս հիմք դիտարկելով Երեւան-Մոսկուա-Պաքու առանցքի եռակողմանի պայմանաւորուածութիւնները։ «Դուք միշտ կրնաք յոյս դնել մեր աջակցութեան վրայ ինչպէս հաղորդակցութիւններու ապաշրջափակման, այնպէս ալ Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանի գծման եւ մարդասիրական խնդիրներու լուծման հարցին մէջ՝ հաշուի առնելով բոլոր կողմերու շահերը», ըսաւ ան։ Բաց աստի, Լաւրով ընդգծեց, որ «3+3» հարթակի զարգացման համար նշանակալի ներուժ կը տեսնէ։
Լաւրով օրուան տեւողութեան կ՚ընդունուի նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Վահագն Խաչատուրեանի եւ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի կողմէ։
Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա երէկ ընդգծեց Մոսկուայի ակնկալութիւնը, որպէսզի Լաւրովի այցը ամրապնդէ Երեւանի հետ քաղաքական երկխօսութիւնը։ Այս առաւօտ Երեւանի աղբիւրներն ալ հաղորդեցին, որ Միրզոյեան Լաւրովի հետ հանդիպման ժամանակ հաստատած է հայկական կողմի պատրաստակամութիւնը՝ շարունակելու համար արդիւնաւէտ քաղաքական երկխօսութիւնն ու փոխշահաւէտ համագործակցութիւնը ռուսական կողմին հետ՝ երկու ժողովուրդներու եւ պետութիւններու շահերուն համապատասխան։
Բաց աստի, ռուսական աղբիւրները երէկ հաղորդեցին, որ դէպի Երեւան ուղեւորութենէն անմիջապէս վերջ, Լաւրով այս շաբաթավերջին ժամադրուած է արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտանի հետ։ Այս վերջինը մայիսի 25-27-ին աշխատանքային այցելութիւն մը պիտի տայ Մոսկուա, ուր Թուրքիա-Ռուսաստան բանակցութիւններու ընթացքին պիտի արժեւորուին շարք մը հրատապ նիւթեր՝ ներառեալ Հարաւային Կովկասի իրադրութիւնը։
ՀԵՌԱԽՕՍԱԶՐՈՅՑՆԵՐ
Միւս կողմէ, Արարատ Միրզոյեան երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Ժան-Նոէլ Պարրոյի հետ։ Անոնք անդրադարձ կատարեցին երկկողմանի գործընկերութեան ընթացիկ հարցերուն։
Բաց աստի, Միրզոյեան երէկ հեռախօսազրոյց մըն ալ ունեցաւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու իր պաշտօնակցին՝ Ապտուլլահ պին Զայիտ էլ Նահիանի հետ։