ՆՈՐ ԱՇ­ԽԱՐ­ՀԱ­ԿԱՐ­ԳԻ ՁԵ­ՒԱ­ՒՈ­ՐՈՒՄ

Ուքրայնայի պատերազմը աւարտելու նպատակով, առանց ուքրանացիներու եւ եւրոպացիներու մասնակցութեան, Ռուսաստանի հետ ուղղակի բանակցութիւններ վարելու Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու միակողմանի որոշումը, արեւմտեան «քաղաքակիրթ» ու զարգացած պետութիւններու ակումբին մէջ երկրաշարժ մը յառաջացուց, եւրոպացիներուն համար «երկինքը փուլ եկաւ»։ Տապալեցաւ ԱՄՆ-ի անխախտ ու վստահելի ռազմավարական դաշնակցի կերպարը։ ԱՄՆ ինքզինք հռչակեց մրցակից՝ տնտեսական, գաղափարախօսական, ռազմավարական, աշխարհաքաղաքական բնագաւառներու մէջ։ Մեկուսացման, վերաքննարկման գաղափարախօսութիւնը գործադրութեան դրուեցաւ անմիջապէս՝ առանց կանխազգուշացումի եւ անցումային փորձառական շրջանի։ ԱՄՆ-ի առաջնորդութեամբ Երկրորդ համաշխարհային պատերազմի աւարտին ձեւաւորուած կարեւորագոյն ռազմական Հիւսիս Ատլանտեան դաշինքը այլեւս եւրոպացիներն ու արեւմտեան երկիրները պաշտպանելու կառոյց մը չէ։ ԱՄՆ պիտի պաշտպանէ նախ եւ առաջ իր ազգային շահը։ Եւրոպացիները թող մտածեն իրենք զիրենք պաշտպանելու մասին։ Ուաշինկթըն ունի իր արտաքին պարտքը նուազեցնելու գերագոյն նպատակը։ Որքանո՞վ այս վիրահատական միջոցները իրենց նպատակին պիտի ծառայեն ԱՄՆ-ի տնտեսական ու առեւտրական եւ մրցակցային խնդիրները լուծելու եւ ԱՄՆ-ը՝ որպէս երկրագունդի գերագոյն ուժը պահպանելու՝ ժամանակը ցոյց պիտի տայ։

Թրամփ նախագահութեան երկրորդ շրջանին շատ աւելի ցնցիչ է՝ քան առաջինին։ Արդէն անկանխագուշակելի էր առաջին շրջանին։ Սակայն, անոր կառավարութեան մէջ դեռ կային անձեր, որոնք կրնային հաւասարակշռել անոր արտակարգ որոշումները։ Սակայն, Թրամփ-2 իշխանութիւնը՝ տասնապատիկ աւելի անկանխատեսելի է եւ այն ալ՝ առաջին օրէն։

ԱՄՆ-ի աւանդական դաշնակցային յարաբերութիւնները խզելը Եւրոպայի իր գործընկերներուն հետ՝ նաեւ ջուրի երես հանեց Եւրոպական Միութեան անդամ պետութիւններու փոխյարաբերութիւններուն մէջ հակասութիւնները, որոնք տարիներէ ի վեր գոյութիւն ունէին, ինչպէս որ Միւնիխի անվտանգութեան խորհրդաժողովի վաղորդայնին՝ Մաքրոնի հրաւիրած եւրոպացի ղեկավարները չէին ներկայացներ եւրոպական պաշտօնական կառոյց մը, որմէ յատկապէս կը բացակայէին Հունգարիոյ, Սլովաքիոյ կառավարութիւններու ծայրայեղ աջակողմեան՝ թրամփամէտ ու փութինամէտ կառավարութիւններու ներկայացուցիչները։

Միւնիխի մէջ ԱՄՆ-ի փոխ-նախագահին պատգամը մահը կնքեց արեւմտեան ակումբին, որու անդամները ցարդ իրարու զօրավիգ կը կանգնէին. հզօր կոչ մըն էր այդ եւ զօրակցութեան արտայայտութիւն՝ ծայրայեղ աջակողմեան ուժերուն, ձեւաւորելու նոր հասարակարգ մը՝ ըստ Թրամփի քաղաքական տեսութիւններուն։ Այսինքն, քաջալերել ծայրայեղ աջ կուսակցութիւններու իշխանութեան գլուխ գալը եւ ամերիկեան քաղաքականութեան որդեգրումը, Եւրոպան ամբողջովին ԱՄՆ-ի ենթակայ դարձնելու, միջազգային յարաբերութիւններու մէջ ԱՄՆ-ի մրցակցային առաւելութիւն տալու եւ անոր համաշխարհային առաջնակարգ դիրքը պահպանելու նպատակով։

Սովետական Միութեան անկումէն ետք երթալով նուազեցաւ միջազգային օրէնքի, հաւաքական կեանքը կարգաւորող, մարդկային իրաւանց եւ պետութիւններու փոխյարաբերութիւնները սահմանող օրէնքներու նկատմամբ յարգանքը։ Ժողովրդավարութիւնը միջազգային յարաբերութիւններու մէջ գործածուեցաւ՝ իբրեւ գաղափարախօսական զէնք, հակառակորդ վարչաձեւեր տապալելու համար՝ Իրաքի, Սուրիոյ, Լիպիոյ մէջ… կամ ոչ-ժողովրդավար հարուստ կամ ազդեցիկ պետութիւններու բռնատիրական կամ ցեղապաշտ քաղաքականութիւններէն պաշտպանուելու. ինչպէս՝ Սէուտական Արաբիա, Ատրպէյճան, Իսրայէլ…

ԱՄՆ ցոյց տուաւ, որ ինք եւս իր դաշնակիցները կրնայ լքել՝ ինչպէս 2020-ի պատերազմին Ռուսաստան լքեց Հայաստանը։ Մեծ միութիւնները քանդուելու վրայ են՝ ՄԱԿ, ԻՒՆԷՍՔՕ, ՆԱԹՕ, ՀԱՊԿ, Եւրոպական Միութիւն… եւ փոխարէնը պիտի հաստատուին բազմաբեւեռ յարաբերութիւններ՝ ըստ տնտեսական ու ռազմավարական շահերու. երեւոյթ մը որ կը մղէ աւելի շարժողունակ ու ստեղծագործ ըլլալու՝ դիմագրաւել կարենալու համար ժամանակակից աշխարհի տնտեսական ու արհեստական նուաճումներու անակնկալները։

ԺԻՐԱՅՐ ՉՈԼԱՔԵԱՆ

Խմբագրական՝ Փարիզի «Նոր Յառաջ»ի

Շաբաթ, Փետրուար 22, 2025