Երկուշաբթի 14, Ապրիլ 2025
ԵՐՈՒՍԱՂԷՄԻ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԹԱՂԱՄԱՍԷՆ ՆԵՐՍ ԿՆՈՋ ՄԸ ՎՐԱՅ ԿԱՑԻՆՈՎ ՅԱՐՁԱԿՈՒՄ
Երուսաղէմի Հին քաղաքի Հայկական թաղամասէն ներս պատահեցաւ զգայացունց դէպք մը։ Այսպէս, տղամարդ մը կացինով յարձակեցաւ կնոջ մը վրայ։
Ըստ Իսրայէլի լրատուամիջոցներուն, որոնց հաղորդումները տեղ գտած են նաեւ հայկական լրահոսին մէջ, յարձակման ենթարկուած կինը շուրջ յիսուն տարեկան է։ Կացինով տղամարդը ներխուժած է անոր բնակարանը եւ յարձակման հետեւանքով ենթական վիրաւորուած է ծանրօրէն։ Ան հիւանդանոց փոխադրուած է՝ մարմնի վերին եւ ստորին վերջոյթներու վէրքերով ու վնասուածքներով։
Խնդրոյ առարկայ տղամարդը, որ դէպքի վայրէն փախուստի դիմած էր, ձերբակալուած է։ Իր արարքի դրդապատճառները անյայտ են։
Շաբաթ, Փետրուար 22, 2025