ՆՈՐ ՃԱՆԱՊԱՐՀՆԵՐ, ՆՈՐ ՇՈՒԿԱՆԵՐ
Հայաստանի արտաքին գործոց փոխ-նախարար Վահան Կոստանեան վերջին օրերուն Համպուրկի մէջ մասնակցեցաւ «New Routes, New Markets. Global Gateway and potential markets along the Middle Corridor» համաժողովին եւ ելոյթով մը հանդէս եկաւ այդ շրջանակէն ներս կազմակերպուած նախարարական ասուլիսին ժամանակ։ Գերմանիոյ Տնտեսութեան արեւելեան համաժողովի եւ Համպուրկի Առեւտուրի պալատի համատեղ նախաձեռնութեամբ տեղի ունեցաւ այս ձեռնարկը, որու ընթացքին փոխ-նախարար Կոստանեան ներկայացուց Հայաստանի կառավարութեան կողմէ մշակուած «Խաղաղութեան խաչմերուկ» նախագիծը։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, նոր ճանապարհներու եւ նոր շուկաներու շուրջ ծաւալուած քննարկման ժամանակ Վահան Կոստանեան հանգամանօրէն ներկայացուց «Խաղաղութեան խաչմերուկ»ը՝ որպէս տնտեսական փոխկապակցուածութեան ապահովման եւ Հարաւային Կովկասէ ներս խաղաղութեան կարեւոր երաշխիք։ Ան ընդգծեց, որ այս նախագծի նպատակն է կապ ստեղծել Արեւելքի եւ Արեւմուտքի, Հիւսիսի եւ Հարաւի միջեւ՝ տնտեսական ու մշակութային կապերու ամրապնդման եւ մարդոց միջեւ շփումներու միջոցաւ, խթանելով քաղաքական երկխօսութիւնը՝ ձգտելով տարածաշրջանէ ներս համապարփակ ու կայուն խաղաղութեան, անշուշտ, ի նպաստ բոլոր ժողովուրդներու։
Վահան Կոստանեան կարեւորեց նաեւ տարածաշրջանային եւ համաշխարհային հաղորդակցութեան, ինչպէս նաեւ առեւտուրի զարգացման ուղղեալ Հայաստանի տեսլականը։ Ան համոզուած է, թէ սա նոր հեռանկարներ կը ստեղծէ տարածաշրջանէն ներս եւ անկէ անդին։