ՏԵՍՔԷՆ ԱՆԴԻՆ…

Բնութեան պարզած պատկերէն՝ մինչեւ մարդոց ներկայացուցած տեսքը…

Երեւոյթները երբեմն հրապուրիչ են, երբեմն ուրախ, սարսափազդու կամ տխուր, երբեմն պայծառ են կամ մռայլ։ Եւ յաճախ այս բոլորը ընդելուզուած է, միահիւսուած թէ՛ աչքի առջեւ եւ թէ մտքերու մէջ։

Կ՚ըսուի, որ երեւոյթները խաբուսիկ են, տեսնուածն ու իսկականը նոյնը չեն ըլլար։ Տակաւին չհասնինք հոն, ուր մարդիկ հաշտ չեն իրականութեան հետ ու կը մխիթարուին տեսքով։ Յամենայնդէպս, տեսքը շատ կարեւոր է, շատ բան կը նշանակէ, գէթ նոյնիսկ ամէն բան, իսկ տեսքէն անդին անցնելու համար կայ ուրիշ չափում մը։

«Կրթութիւնը ճշմարտութիւններու ուսուցումը չէ, այլ  մտածելու համար մտքին դաստիարակումն է», կ՚ըսէ Այնշթայն։

Շաբաթ, Փետրուար 22, 2025