ԸՍՏ ՓԱՇԻՆԵԱՆԻ՝ ԽԱՂԱՂՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՁԱՅՆԵՑՈՒԱԾ ՊԱՅՄԱՆԱԳՐԻՆ ԲՈՎԱՆԴԱԿՈՒԹԻՒՆԸ ՊԻՏԻ ՀՐԱՊԱՐԱԿՈՒԻ ՍՏՈՐԱԳՐՈՒԵԼԷ ԱՆՄԻՋԱՊԷՍ ՎԵՐՋ
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան յայտարարեց, որ Ատրպէյճանի հետ բովանդակութիւնը համաձայնեցուած ենթադրեալ խաղաղութեան պայմանագիրը ստորագրուելէ անմիջապէս վերջ պիտի հրապարակուի։
Նիկոլ Փաշինեան երէկ երեկոյեան հարցազրոյց մը տուաւ Հայաստանի Հանրային հեռուստատեսութեան։ Այս առթիւ ան անդրադարձաւ Երեւան-Պաքու ենթադրեալ խաղաղութեան պայմանագրին, որու նախագծին բովանդակութիւնը համաձայնեցուած է եւ համապատասխան բանակցութիւնները յայտարարուած են աւարտած։ Յամենայնդէպս, ընդդիմադիր շրջանակները բուռն քննադատութիւններ կը հասցէագրեն վարչապետին՝ այդ համաձայնեցուած բովանդակութեամբ նախագծի չհրապարակման բերումով։ Այս բոլորի լոյսին տակ, Նիկոլ Փաշինեան երէկ երեկոյեան հարցազրոյցի ընթացքին ըսաւ հետեւեալը.
«Ինչո՞ւ չենք հրապարակեր փաստաթուղթը։ Քանի որ փաստաթուղթը ունի երկու տէր։ Մին՝ Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութիւնն է, միւսը Ատրպէյճանը։ Իրականութեան մէջ մենք Ատրպէյճանի հետ կը քննարկենք փաստաթուղթը հանրայնացնելու հնարաւորութիւնը, որովհետեւ կ՚առաջարկենք ստորագրել, որովհետեւ ստորագրուած պահուն իսկ ան պիտի հրապարակուի»։