ԱՐԱՐԱՏ ՄԻՐԶՈՅԵԱՆ ՀԵՌԱԽՕՍԱԶՐՈՅՑՆԵՐ ՈՒՆԵՑԱՒ ՍԵՐԿԷՅ ԼԱՒՐՈՎԻ ԵՒ ՏԷՅՎԻՏ ԼԵՄԻԻ ՀԵՏ
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի հետ։ Արարատ Միրզոյեան, որ այս օրերուն կը գտնուի Ռիոյի մէջ, շնորհաւորեց ռուս պաշտօնակցին ծննդեան տարեդարձը։ Նախարարները անդրադարձան երկկողմանի քաղաքական օրակարգի զանազան հարցերուն՝ մանաւանդ ապագայ ներգրաւուածութեան վերաբերեալ նիւթերու։ Իր կարգին, Քրեմլինի բանբերը՝ Տիմիթրի Փեսքովն ալ յայտնեց, որ Մոսկուա աւելի քան գոհ է երկկողմանի յարաբերութիւններու հեռանկարներու նկատմամբ Երեւանի կողմէ ցուցաբերուած վերաբերմունքէն։
Բաց աստի, Արարատ Միրզոյեան երէկ հեռախօսազրոյց մըն ալ ունեցաւ Անգլիոյ արտաքին գործոց նախարար Տէյվիտ Լեմիի հետ։ Այս վերջինը նախօրէին զրուցած էր նաեւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովի հետ։ Միրզոյեան անդրադարձաւ Երեւան-Պաքու ենթադրեալ խաղաղութեան պայմանագրի նախագծի բովանդակութեան համաձայնեցման եւ համապատասխան բանակցութիւններու աւարտման։ Ան ողջունելի նկատեց Լոնտոնի յստակ դիրքորոշումը, որով կը պահանջուի այդ փաստաթուղթի փութով ստորագրումը։ Բաց աստի, Արարատ Միրզոյեան յիշեցուց տարածաշրջանային հաղորդակցութիւններու ապաշրջափակման հարցին վերաբերեալ հայկական կողմի զանազան առաջարկները։ Իր խօսքով՝ Երեւանի առաջարկները կրնան լուրջ հիմք ստեղծել տարածաշրջանէն ներս փոխադարձ վստահութեան եւ կայունութեան ապահովման ուղղութեամբ։
Միւս կողմէ, Արարատ Միրզոյեան Պրազիլիոյ «Ռիօ Պրանքօ» դիւանագիտական կաճառին մէջ հանդէս եկաւ ելոյթով մը, որու ընթացքին անդրադարձաւ Երեւանի արտաքին քաղաքականութեան զանազան ուղղութիւններուն։
Նախարարը այս կարեւոր հարթակին վրայ անդրադարձաւ Անգարա-Երեւան յարաբերութիւններու բնականոնացման գործընթացին։ Իր խօսքով՝ բարձր մակարդակի երկխօսութիւնը կը շարունակուի՝ ներառեալ հանդիպումները Թուրքիոյ հանրապետութեան նախագահին եւ Հայաստանի վարչապետին միջեւ։ «Մենք համոզուած ենք, թէ լիարժէք կարգաւորումը՝ դիւանագիտական յարաբերութիւն-ներու հաստատումը եւ սահմաններու բացումը զգալի հնարաւորութիւններ կը ստեղծեն թէ՛ երկու երկիրներուն եւ թէ ամբողջ տարածաշրջանին տեսակէտէ», ըսաւ Արարատ Միրզոյեան։
Հաւաքոյթի ընթացքին նախարարը շեշտեց, որ Հայաստանի տարածքային ամբողջականութեան ի նպաստ Իրանի հետեւողական աջակցութիւնը շատ կարեւոր կը համարուի։