ՄԵԾ ՊԱՐՏԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆԸ
Սփիւռքահայ յայտնի մտաւորական տքթ. Հրայր Ճէպէճեան համոզուած է, թէ Հայաստանի կապը պէտք է աշխուժանայ դասական սփիւռքի հետ։
Հայաստանի Հանրային հեռուստակայանը նախընթաց օր հեռավար հարցազրոյց մը սփռեց տքթ. Հրայր Ճէպէճեանի հետ, որ, միեւնոյն ժամանակ, Աստուածաշունչի ընկերութեան Արաբական ծոցի երկիրներու մասնաճիւղի ընդհանուր քարտուղարն է։ Իր հետ զրուցեց հաղորդավարուհի Սօնա Գրիգորեան՝ մեկնակէտ ունենալով Ճէպէճեանի յօդուածներէն մէկուն մէջ արտայայտած միտքը, թէ իւրաքանչիւր հայուն կը պատկանի մեծ պատասխանատուութիւն մը, որն է կերտել հայն ու հայրենիքը։ Հարկ է նշել, որ այդ յօդուածը արդէն հրատարակուած է թերթիս մէջ։
Հայաստանի դիմագրաւած առկայ գոյութենական մարտահրաւէրներն ալ հաշուի առնելով՝ հեռավար հարցազրոյցի ընթացքին Հրայր Ճէպէճեան անհրաժեշտ նկատեց թօթափել ներքին թշնամական մթնոլորտը եւ առաջնորդուիլ սիրով, համերաշխութեամբ եւ իրերհասկացողութեամբ։ Իր խօսքով՝ սա պէտք է վերածուի ռազմավարութեան մը, որպէսզի փոխադարձ հասկացողութեամբ, փոխադարձ յարգանքով ստեղծուի հանդուրժողականութեան մը մթնոլորտը, որ պիտի ըլլայ գրաւականը՝ առկայ մարտահրաւէրները յաղթահարելու։