ՊԱՏՄԱՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ԿՈԹՈՂ
Երեւանի պատմամշակութային կոթողներէն մին՝ Կարմիր կամուրջը, որ վերջին շրջանին վերանորոգուած է, արդէն անմիջական ուշադրութեան կ՚արժանանայ։ Կարմիր կամուրջի վերանորոգութիւնը լայն արձագանգ ստեղծած էր՝ մինչ բացումը կատարուած էր Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի մասնակցած արարողութեամբ։ Վերջերս այս պատմական կոթողը համաշխարհային ուշադրութեան կիզակէտին յայտնուեցաւ՝ քանի Երեւանի մէջ կազմակերպուած Եւրոպական քաղաքական համայնքի գագաթաժողովի մասնակիցները շրջայց մը կատարեցին Կարմիր կամուրջի վրայով։
Հայաստանի կառավարութիւնը, որ միջոցներ յատկացուցած է կամուրջի վերանորոգութեան համար, հետամուտ է մայրաքաղաքի պատմամշակութային ժառանգութիւնը դարձնել աւելի տեսանելի եւ հասանելի։
Կամուրջի վերանորոգութեան ժամանակ լուսաւորուած են նաեւ յարակից հնամեայ բերդի աշտարակները։