ՓԱՇԱԶԱՏԷԻ «ՄԱՐԳԱՐԻՏ»ՆԵՐԸ
Ատրպէյճանի ղեկավարութեան կողմէ ամենաբարձր մակարդակի վրայ յառաջ տարուած հայեատեաց քաղաքականութիւնը իւրացուած է նաեւ Կովկասի մահմետականներու վարչութեան պետ շէյխիւլիսլամ Ալլահշիւքիւր Փաշազատէի կողմէ։ Այս վերջինը արդէն բաց չի թողուր թշնամական ու զրպարտիչ յայտարարութիւններու առիթը։ Սա առանձնապէս մտահոգիչ է, որովհետեւ երկար ժամանակ ուշադրութիւն ցուցաբերուած է, որպէսզի Երեւան-Պաքու հակամարտութեան կրօնական երանգ մը չվերագրուի։ Յամենայնդէպս, Փաշազատէի վերջին յայտարարութիւնները խորապէս մտահոգիչ են՝ խնդիրները կրօնական հարթութիւն տեղափոխելու առումով։
Կովկասի մահմետականներու վարչութեան նիստին, շէյխիւլիսլամ Փաշազատէ Պաքուի մէջ պնդեց, որ Հայ Եկեղեցին մեծ սպառնալիք մըն է տարածաշրջանի բոլոր հարեւան երկիրներուն համար։ Իր խօսքով՝ Էջմիածինը Ատրպէյճանի պատմական «Ուչմիածին»ն է։ «Փաստը այն է, որ հայկական կրօնական շրջանակները բնակութիւն հաստատած են Ատրպէյճանի պատմական հողերուն վրայ եւ իրենց կրօնական տաճարները կառուցած են այն տարածքներէն ներս, որոնք իրենց հետ որեւէ կապ չունին։ Հայերը քրիստոնէական պատմութեան մասին կեղծ նկատառումներով կը ներկայանան, որպէս բացառիկ համայնք՝ աշխարհի առաջին քրիստոնեաներ։ Ղարաբաղի մէջ ստեղծուած է Արցախի թեմը, իսկ Ռուսաստանի մէջ Նոր Նախիջեւանի թեմը։ Հայերու կրօնական կեդրոնի միակ նպատակն է՝ պատմական մեծ Հայաստանի երազանքին աջակցիլը», պնդեց ան։
Հայկական լրահոսին մէջ տեղ գտած են այս հաղորդումները, ըստ որոնց՝ Փաշազատէ յայտնած է, որ Կովկասի մահմետականներու վարչութիւնը պիտի ստեղծէ իր Երեւանի թեմը, որ գոյութիւն ունեցած է անցեալի մէջ՝ «Իրեւանի խազիաթ» անուանումով։
Փաշազատէին ելոյթ ունեցած այս նիստին մասնակցեցան նաեւ շարք մը շիի բարձրաստիճան հոգեւորականներ, Ատրպէյճանի կառավարութեան ներկայացուցիչներ եւ երեսփոխաններ։
Միւս կողմէ, Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Անի Բադալեան երէկ յայտնեց, որ երկրէն ներս գոյութիւն չունի «Արեւմտեան Ատրպէյճան»։