ՌԻՍՔԸ ՄԻՇՏ ԱՌԿԱՅ
Թուրքիա գոհունակութիւն յայտնեց, որ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ համաձայնեցուած է ենթադրեալ խաղաղութեան պայմանագրի նախագծին բովանդակութիւնը։
Երէկ, Անգարայի մէջ տեղի ունեցաւ Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի նիստ՝ գլխաւորութեամբ Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողանի։ Պեշթեփէի համալիրէն ներս գումարուած ժողովէն վերջ հրապարակուեցաւ զեկոյց մը, որով անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ Երեւան-Պաքու հաշտութեան որոնումներուն։ Այսպէս, Ազգային անվտանգութեան խորհուրդը վերահաստատեց իր սպասումը, որպէսզի վերջնական խաղաղութեան հաստատման համար անհրաժեշտ պայմանները ապահովուին, ինչ որ պիտի ըլլայ տարածաշրջանի բոլոր դերակատարներու շահերուն համար նպաստաւոր։
Հարկ է նշել, որ այս յայտարարութիւնը կը նախորդէ արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտանի՝ շաբաթավերջին նախատեսուած դէպի Ռուսաստան ուղեւորութեան։ Պաշտօնական աղբիւրները տեղեկացուցած են, որ բանակցութիւններու ընթացքին օրակարգի վրայ կու գայ Հարաւային Կովկասի իրավիճակը։ Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովն ալ վերջին օրերուն այցելած էր Երեւան։
Միեւնոյն ժամանակ, Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի յայտարարութիւնը յաջորդեց՝ միջազգային բեմահարթակի վրայ շատ լայն արձագանգ ստեղծած շարք մը հրապարակումներու։
Այս ամբողջին մէջ առանձնացան Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղար Մարքօ Ռուպիոյի խօսքերը, ըստ որոնց՝ Ուաշինկթըն կեդրոնացած է Հայաստանը եւ Ատրպէյճանը խաղաղութեան համաձայնագրի շուրջ համաձայնութեան հասցնելու վրայ։ Իր խօսքով՝ սա Ատրպէյճանը զերծ պիտի պահէ հարեւան Հայաստան ներխուժելէ։ «Մենք կը փափաքէինք կանխել այդ բանը։ Նախագահ Տանըլտ Թրամփ յանձնառու է կանխել պատերազմները եւ մենք երկու երկիրներու՝ յատկապէս Ատրպէյճանի հետ շփումներու ժամանակ փորձած ենք ընդգծել, որ խաղաղութեան համաձայնագրի ստորագրումը եւ պատերազմի չներքաշուիլը հսկայական օգուտներ կ՚ապահովեն», ըսաւ Ռուպիօ։
ԱՄՆ-ի Քոնկրէսէն ներս, Ներկայացուցիչներու տան արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովի լսումներուն ընթացքին Մարքօ Ռուպիօ շեշտեց, որ Ուաշինկթընի համոզմամբ՝ Երեւանի եւ Պաքուի միջեւ բախում մը կ՚ըլլայ աւերիչ ու ապակառուցողական։ «Անոնց միջեւ պատերազմը հիմա մեր փափաքելիք վերջին բանն է», ըսաւ պետական քարտուղարը։
Հայկական լրահոսին մէջ այս յայտարարութիւնները շատ լայն արձագանգ ստեղծած են՝ քանի Ռուպիոյի ոճը կը ստեղծէ այն տպաւորութիւնը, թէ Ատրպէյճանի կողմէ Հայաստանի վրայ նոր յարձակումը շատ հաւանական է եւ ԱՄՆ կը ջանայ կանխել այդ բանը։ Քաղաքական մեկնաբաններ կը զգուշացնեն, որ եթէ յանկարծ Իսրայէլի եւ Իրանի միջեւ բախում մը ծագի, ապա յաջորդ քայլափոխին Ատրպէյճան անմիջապէս պիտի ներխուժէ Հայաստան։ Աւելին, CNN վերջին օրերուն հաղորդեց, որ CIA-ի տուեալները կը վկայեն, թէ Իսրայէլ կը պատրաստուի հարուած հասցնել Իրանին։
Այս համայնապատկերին վրայ, բնականաբար, բացառիկ իմաստ կարելի է վերագրել Մարքօ Ռուպիոյի խօսքերուն, ըստ որոնց՝ Ուաշինկթըն կը փորձէ կանխել Երեւանի եւ Պաքուի միջեւ զինեալ հակամարտութեան մը ծագման առկայ ռիսքը։ Այս բոլորէն վերջ, Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի երէկուան զեկոյցի լոյսին տակ օրակարգի վրայ կու գայ նաեւ էական այլ հարցում մը, թէ Անգարա եւ Ուաշինկթըն այս հարցին շուրջ նո՞յն յաճախականութեան վրայ են կամ ոչ։
Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահ Էմմանիւէլ Մաքրոնն ալ վերջին օրերուն կրկնած էր իր լիակատար աջակցութիւնը Հայաստանի տարածքային ամբողջականութեան եւ ինքնիշխանութեան նկատմամբ՝ շեշտելով իր երկրին խրախուսանքը Ատրպէյճանի հետ խաղաղութեան պայմանագրի ստորագրման ճանապարհին։ Իր կարգին, Եւրոյանձնաժողովի նախագահ Ուրսուլա ֆոն տէր Լէյէնն ալ դիտել տուած էր, որ Պրիւքսէլ կ՚ակնկալէ Երեւան-Պաքու խաղաղութեան համաձայնագրի շուտափոյթ ստորագրումը։
Վրաստանի նախագահ Միխէյիլ Քաւելաշվիլին ալ հեռուստահարցազրոյցի մը ընթացքին նշեց, որ Թիֆլիզ շահագրգռուած է Երեւան-Պաքու յարաբերութիւններու կարգաւորմամբ։