ԸՍՏ ԱՐԱՐԱՏ ՄԻՐԶՈՅԵԱՆԻ՝ ԱՆԳԱՐԱ-ԵՐԵՒԱՆ ԵՐԿԽՕՍՈՒԹԻՒՆԸ ՀԱՍՈՒՆՑԱԾ Է՝ ԴԻՒԱՆԱԳԻՏԱԿԱՆ ՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ՀԱՍՏԱՏԵԼՈՒ ԲԱՒԱՐԱՐ ՉԱՓՈՎ
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան յայտարարեց, որ Թուրքիոյ հետ երկխօսութիւնը հասած է՝ երկու երկիրներու միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններ հաստատելու բաւարար չափին։
Երէկ, Արարատ Միրզոյեան մասնակցեցաւ Հայաստանի Ազգային ժողովի Արտաքին յարաբերութիւններու մշտական յանձնաժողովի նիստին։ Երեսփոխաններու հարցումներուն պատասխանելու ժամանակ՝ Արարատ Միրզոյեան անդրադարձաւ Անգարա-Երեւան յարաբերութիւններու բնականոնացման գործընթացին։ Իր խօսքով՝ այժմու գործընթացներու վերջնական արդիւնքը պէտք է ըլլայ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատումը եւ ցամաքային սահմանի բացումը։ Ըստ Միրզոյեանի՝ Հայաստանն ու Թուրքիան ներկայիս կը քննարկեն համալսարաններէ ներս իրարու ուսանողներուն համար կրթաթոշակներ սահմանելու հնարաւորութիւնը։
Նախարար Միրզոյեան շեշտեց, որ TRIPP-ի շուրջ Հայաստանի եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու միջեւ բանակցութիւնները չեն դանդաղած։
Ի լրումն այս բոլորին՝ Արարատ Միրզոյեան ընդգծեց, որ Պաքուի մէջ անազատութեան մէջ պահուած հայ գերիներու, պատանդներու ազատ արձակումը աւելի պիտի ամրապնդէ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութիւնը։