ՀՍԿԱՅԱԿԱՆ ՁԵՌՔԲԵՐՈՒՄ
Երեւանի մէջ, Մատենադարանէն ներս պաշտօնապէս բացուեցաւ՝ ձեռագրերու վերականգնման համար տեղական հումքով թուղթի արտադրամաս մը։ Այսպէս, ձեռագրերու վերականգնման համար օգտագործուող եւ Ճաբոնի մէջ արտադրուող յատուկ թուղթը հայկական հումքէ ստանալ հնարաւոր դարձած է՝ Մատենադարանի վերականգնման բաժնի մասնագէտներու ուսումնասիրութիւններու եւ փորձարկումներու շնորհիւ։
Մատենադարանի տնօրէն Արա Խզմալեան նշեց, որ սա հաստատութեան պատմութեան մէջ շատ կարեւոր ձեռքբերում մըն է։ Ան յիշեցուց, որ Մատենադարանէ ներս կը վերականգնուին Հայաստանի բոլոր թանգարաններու եւ գրադարաններու գրաւոր կոթողները։
Մատենադարանի եւ «Armenia Tree Project» բարեգործական հիմնադրամի համագործակցութեան պտուղն է այս նոր արտադրամասը, որու բացման պաշտօնական արարողութեան ժամանակ ելոյթ մըն ալ ունեցաւ Հայաստանի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնամարզի նախարար Ժաննա Անդրէասեան։