ՍԵՐԿԷՅ ԼԱՒՐՈՎ ԱՆԴՐԱԴԱՐՁԱՒ «ԽԱՂԱՂՈՒԹԵԱՆ ԽԱՉՄԵՐՈՒԿ»ԻՆ
Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով յայտնեց, որ Հայաստանի կառավարութեան կողմէ մշակուած «Խաղաղութեան խաչմերուկ» նախագիծը իրականացնել հնարաւոր կ՚ըլլայ Ատրպէյճանի հետ խաղաղութեան համաձայնագրի ստորագրման, նաեւ Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման պարագային։
«Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Լաւրով Երեւանէ վերադարձին ելոյթ մը ունեցաւ բարձր մակարդակի համաժողովի մը ընթացքին։ Ան այս փուլին խօսեցաւ Հարաւային Կովկասի եւ այլ տարածաշրջաններու հաղորդակցային ուղիներու եւ ենթակառուցուածքներու հաւանական ապաշրջափակման։ Այս ամբողջին մէջ ան կանգ առաւ «Խաղաղութեան խաչմերուկ» նախաձեռնութեան հեռանկարներուն վրայ։ Ռուս նախարարը ընդգծեց, որ հայկական կողմը այդ նախաձեռնութեան մանրամասնութիւնները օրեր առաջ Երեւանի մէջ իրեն ներկայացուցած է։ Այսպէս, Հայաստան կը ձգտի ներառել իր տարածքն ու լոժիստիք հնարաւորութիւնները՝ ցամաքամասի ընդհանուր խոշոր գործընթացներուն։ «Եթէ մենք խօսինք այդ մասին, ապա մենք կողմնակից ենք, որ բոլոր ենթակառուցուածքային ծրագիրները զարգանան», ըսաւ Լաւրով։
Այդուհանդերձ, ռուս նախարարը աւելցուց, որ գործնականօրէն այդ նախագծի իրագործման համար անհրաժեշտ է Հայաստան-Ատրպէյճան խաղաղութեան համաձայնագրի ստորագրումը։ Լաւրով պնդեց, որ համաձայնագրի բովանդակութեան համաձայնեցումը հնարաւոր դարձած է Հայաստան-Ռուսաստան-Ատրպէյճան եռակողմանի գագաթաժողովներուն շնորհիւ։
Լաւրով, որ վաղը կը հիւրընկալէ արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտանը, անդրադարձաւ նաեւ Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացին։ Ան համոզուած է, թէ հակամարտութիւններու յաղթահարումն ու անոնց հետեւանքով արգելափակուած փոխադրութեան ու տնտեսական կապերու ապաշրջափակումը միանշանակ կը նպաստէ տարածաշրջանի մրցունակութեան խթանման։