Ուրբաթ 30, Մայիս 2025
ՊԱՐՐՕ ԵՐԵՒԱՆ ԿԸ ՄԵԿՆԻ
Երեւանի ղեկավարութիւնը յառաջիկայ շաբթուան սկիզբին պիտի հիւրընկալէ Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Ժան-Նոէլ Պարրոն, որ երկուշաբթի պաշտօնական այցելութիւն մը պիտի տայ Հայաստան։ Ան պիտի մասնակցի «Երեւանեան երկխօսութիւն» միջազգային համաժողովին, որու շրջանակներէն ներս նախատեսուած է ասուլիս մը իր եւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի մասնակցութեամբ։
Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով՝ մայիսի 26-ին Երեւանի մէջ տեղի կ՚ունենայ Արարատ Միրզոյեանի եւ Ժան-Նոէլ Պարրոյի հանդիպումը, որուն կը յաջորդէ նաեւ մամլոյ ասուլիս մը։
Շաբաթ, Մայիս 24, 2025