ԵՐԿՈՒՇԱԲԹԻ ԿԸ ՍԿՍԻ ԱՐԴԷՆ ԵՐԿՐՈՐԴ «ԵՐԵՒԱՆԵԱՆ ԵՐԿԽՕՍՈՒԹԻՒՆ»Ը

Այս երկուշաբթի պիտի սկսի՝ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան կողմէ կազմակերպուած «Երեւանեան երկխօսութիւն» միջազգային համաժողովը։ Այս տարի արդէն երկրորդ անգամ հայկական դիւանագիտութիւնը հանդէս կու գայ նման նախաձեռնութեամբ մը։

«Նաւարկելով անյայտութեան ընդմէջէն» խորագրին տակ նախատեսուած են այս տարուան քննարկումները։ «Երեւանեան երկխօսութեան» շրջանակներէն ներս անդրադարձ պիտի կատարուի համաշխարհային նոր աշխարհաքաղաքական միտումներու, խաղաղութեան եւ անվտանգութեան մարտահրաւէրներու ու հեռանը-կարներու, աճող տնտեսական հակասութիւններու եւ անորոշութիւններու վերաբերեալ հարցերու։ Ի լրումն այս բոլորին, օրակարգի վրայ պիտի գան տարածաշրջանային համագործակցութեան վերաբերեալ հարցեր՝ ներառեալ ընդլայնուած կապուղիներու եւ առեւտուրի միջոցաւ առաւելութիւնները։ Քննարկումներու ընթացքին կը հասցէագրուին նաեւ այն ուղիները, որոնք հնարաւորութիւն կ՚ընձեռեն «Բնութեան հետ ներդաշնակ ապրելու»։ Այս ամբողջին մէջ առաջնահերթութիւն կը ցուցաբերուի COP30 եւ COP17 համաժողովներուն նկատմամբ։ Խորութեամբ կ՚ուսումնասիրուին արհեստական բանականութեան՝ միաժամանակ վերափոխուող ու բարդ ազդեցութիւնները։

«Այսօրուայ բարդ միջավայրը կը ձեւաւորուի աշխարհաքաղաքական ու տնտեսական անորոշութիւններու ընդմէջէն։ Անոնք կ՚ենթադրեն նշանակալի փոփոխութիւններ, բայց, կը ստեղծեն նաեւ նոր հնարաւորութիւններ։ Բաց եւ իմաստալից երկխօսութիւնը ունի էական նշանակութիւն՝ արդիւնաւէտ լուծումներ մշակելու հարցին մէջ։ Այս համատեսքին մէջ կը սպասենք յառաջիկայ «Երեւանեան երկխօսութեան» շրջանակներէն ներս ծրագրուած քննարկումներուն», ըսած է Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան։

Համաժողովի թեմաթիք քննարկումները կ՚ընդգրկեն հետեւեալ ուղղութիւնները. համաշխարհային աշխարհաքաղաքական միտումներ, խաղաղութեան եւ անվտանգութեան տիլեմաներ, Եւրոմիութեան ու անոր հարեւանութեամբ առկայ միտումներ, հաղորդակցութիւններ, առեւտուր եւ փոխադրութիւն, արհեստական բանականութեան քաղաքականութիւն, կանաչ զարգացում։

Այս տարուան ֆորումը կը կազմակերպուի ORF-ի (Observer Research Foundation) հետ գործընկերութեամբ, «Քազիմիր Փուլասք» հիմնադրամի եւ Վարշաւիոյ անվտանգութեան ֆորումի հետ համագործակցութեամբ։ Նախաձեռնութեան աջակցած է նաեւ Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարութեան՝ Վերլուծութեան, ծրագրաւորման եւ ռազմավարութեան կեդրոնը։

 

Շաբաթ, Մայիս 24, 2025