IEA-Ի ԶԵԿՈՅՑ. ԱՄԲՈՂՋ ԱՇԽԱՐՀ ՉԻՆԱՍՏԱՆԷՆ ԿԱԽՈՒԱԾՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ
Միջազգային ուժանիւթի գործակալութեան (IEA) կողմէ վերջերս հրապարակուեցաւ տեղեկագիր մը, ըստ որու՝ աշխարհ նուրբ նշանակութեամբ միներալներու պարագային արդէն յանձնուած է Չինաստանին։ Արդարեւ, հանքարդիւնաբերութեամբ ձեռք բերուած մետաղները որեւէ գործի չեն ծառայեր՝ եթէ չմշակուին անհրաժեշտ միներալներով։ Զեկոյցին մէջ մատնանշուեցաւ, որ քսան նուրբ նշանակութեամբ մետաղէ տասնիննի պարագային Չինաստան արդէն դարձած է աշխարհի յառաջատարը։ Այսինքն, աշխարհ Չինաստանէն կախուածութեան մէջ է եւ եթէ այդ երկիրը նոյնիսկ վեց ամիսով արտահանումը դադրեցնէ, ապա տուեալ բնագաւառը կրնայ կանգ առնել։
IEA-ի նախագահ Ֆաթիհ Պիրոլ դիտել տուած է, որ առանց այդ նուրբ նշանակութեամբ միներալներուն՝ անկարելի է մարդամեքենայ, օդանաւ, տրոն, արհեստական բանականութիւն արտադրել կամ առ հասարակ որեւէ թեքնոլոժիք արտադրանք ընել։
Նոյն տեղեկագրին մէջ մատնանշուած է, որ երկիրները պէտք է տեսակաւորեն նուրբ նշանակութեամբ միներալներու մատակարարման ցանցերը՝ երաշխաւորելու համար իրենց ուժանիւթի անվտանգութիւնը։ Սա կ՚ենթադրէ նոր ծրագրերու փութով կեանքի կոչուիլը, այլընտրանքային միներալներու օգտագործումը եւ նման այլ ռազմավարութիւններ։ Այժմ, այդ բոլորի պարագային ձուլարանները Չինաստանի ձեռքը կը գտնուին եւ ան կը ճշդէ նաեւ սակագիները։