ՈՒՍՈՒՑՉԱԿԱՆ ՄԵԾ ՀԱՄԱԺՈՂՈՎ
Կրթական ոլորտի բարեփոխումները մշտապէս կը զբաղեցնեն Հայաստանի օրակարգը։ Այս առումով մասնաւոր ուշադրութեան առարկայ դարձաւ «Նորարար ուսուցիչ՝ հզօր պետութիւն» ուսուցչական համաժողովը, որ վերջերս տեղի ունեցաւ Երեւանի Պետական համալսարանին (ԵՊՀ) մէջ։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, այս հաւաքը առիթ դարձաւ կրթութեան ոլորտի կարեւոր հարցերու քննարկման։
Հայաստանի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնամարզի նախարար Ժաննա Անդրէասեան համաժողովի մասնակիցներու նկատառման յանձնեց, որ կրթական մշակները առաջին հերթին պէտք է իրարմէ սորվին, գաղափարներ բաժնեն եւ կարեւոր հարցերը իրարու հետ քննարկելու համար հարթակ պէտք է ունենան։ «Կրթութեան ոլորտէն ներս փոփոխութիւնները այնպէս չէ, որ միայն նախանշուած ճանապարհով կ՚ընթանան, տեղի կ՚ունենան բազմաթիւ յարակից փոփոխութիւններ՝ թեքնոլոժիք կամ տարբեր ընկերային զարգացումներ, որոնք ազդեցութիւն կը գործեն այս բնագաւառին վրայ։ Կարգ մը մարտահրաւէրներու պարագային գիտենք՝ ինչպէս արձանագրել, բայց ոմանց պարագային ալ ոչ՝ մանաւանդ արհեստական բանականութիւնը։ Տակաւին յայտնի չէ, թէ կրթութիւնը ինչպէ՞ս պէտք է փոխուի արհեստական բանականութեան միջոցներու գործադրութեան ընթացքին։ Սա արդէն իսկ տեղի կ՚ունենայ՝ անկախ այն հանգամանքէն, թէ մենք կ՚ուզե՞նք կամ ոչ», ըսաւ նախարարը։
Համաժողովի ընթացքին Ժաննա Անդրէասեան ընդգծեց, որ այս բոլոր փոփոխութիւններու լոյսին տակ պէտք է հասկնալ, թէ ի՞նչ պէտք է ըլլայ դպրոցի եւ ուսուցիչի դերը։ Այստեղ իւրաքանչիւրի ստեղծագործական միտքը եւ քննարկումներու առաւել բաց ըլլալը աւելի քան կարեւոր է, որպէսզի հնարաւոր ըլլայ գտնել այդ հարցումներու ճիշդ պատասխանները։