ԻՍԹԱՆՊՈՒԼԻ ՄԷՋ ԹՈՒՐՔԻՈՅ ՄԻՋՆՈՐԴՈՒԹԵԱՄԲ ՌՈՒՍԱՍՏԱՆԻ ԵՒ ՈՒՔՐԱՅՆԱՅԻ ՀԵՐԹԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ
Թուրքիոյ տանտիրութեամբ եւ հիւրընկալմամբ, երէկ, Իսթանպուլի մէջ տեղի ունեցան Ռուսաստան-Ուքրայնա բանակցութիւններ։ Իր նմաններու շարքին երրորդն էր բանակցային փուլը։ Պատուիրակութիւնները մէկտեղուեցան Չըրաղանի պալատին մէջ։ Թրքական պատուիրակութիւնը գլխաւորեցին՝ արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան, ՄԻԹ-ի ղեկավար Իպրահիմ Քալըն եւ ընդհանուր սպայակոյտի նախագահ զօրավար Մեթին Կիւրաք։ Ռուսաստանի պատուիրակութիւնը գլխաւորեցին նախագահ Վլատիմիր Փութինի խորհրդականը՝ Վլատիմիր Մետինսքի եւ արտաքին գործոց փոխ-նախարար Միխայիլ Կալուզին։ Ուքրայնայի պատուիրակութեան գլուխն էին ազգային անվտանգութեան ու պաշտպանութեան խորհուրդի քարտուղար Ռիւստեմ Ումերով եւ արտաքին գործոց փոխ-նախարար Սերկիյ Քիսլիցիա։ Այսպէսով Թուրքիոյ ջանքերով հակամարտ երկու կողմերը երեք տարուան ընդհատումէ մը վերջ նոյն սեղանի շուրջ նստան։ Այսպէս, հարկ է յիշեցնել, որ 2022 թուականին ծագած պատերազմէն վերջ Ռուսաստան եւ Ուքրայնա նոյն տարուան ընթացքին թէ՛ Անթալիայի եւ թէ Իսթանպուլի մէջ նոյն սեղանի շուրջ նստած էին Թուրքիոյ ջանքերով։ Անցեալ մայիսին ալ Թուրքիա դարձեալ ապահոված էր, որ Իսթանպուլի մէջ երկու պատուիրակութիւնները երեք տարուան ընդհատումէ մը վերջ համախմբուին նոյն սեղանի շուրջ։ Ուրեմն, երէկուան շփումն ալ երեք տարի վերջ ապահովուած ուղիղ երկխօսութեան շարունակութիւնը եղաւ։
Հաքան Ֆիտան բանակցութիւններու ընթացքին նշեց, որ վերջնական նպատակն է ապահովել հրադադար մը, որ պիտի կառուցէ խաղաղութեան ճանապարհը։ Նախարարին խօսքով՝ արիւնալի այս պատերազմին փոխարժէքը շատ բարձր է եւ զայն պէտք է ժամ առաջ կասեցնել։ Ֆիտան նշեց, որ բանակցութիւններու իրականացման համար կամք դրսեւորած Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինին, Ուքրայնայի նախագահ Վոլոտիմիր Զելենսքիին եւ պատերազմի կասեցումը միշտ խրախուսող Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփին, ինչպէս նաեւ բանակցութիւններուն ուղղակի կամ անուղղակի ձեւով աջակցած բոլոր ղեկավարներուն շնորհակալութիւն կը յայտնեն։ Ան աւելցուց նաեւ, որ Անգարա առաջին իսկ օրէն խտացեալ ջանքեր կը գործադրէ Մոսկուայի եւ Քիեւի միջեւ խաղաղութեան հաստատման համար։ Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան հակամարտութիւններով լեցուն տարածաշրջանին մէջ դարձած է խաղաղութեան ջահակիրը։
Հաքան Ֆիտան նշեց, որ դիւանագիտութիւնը կ՚ենթադրէ գործընթաց մը, սակայն, այդ գործընթացի իւրաքանչիւր քայլափոխը նոր քայլերով ու շօշափելի ձեռքբերումներով յառաջ տանիլը կ՚ապահովէ իմաստ մը։
Բանակցութիւններու մասնակից Ռուսաստանի եւ Ուքրայնայի պատուիրակութիւններն ալ շնորհակալութիւն յայտնեցին Թուրքիոյ հիւրընկալման եւ գործադրած ջանքերուն համար։