ՀԵՆՐԻԽԻՆ ՀՊԱՐՏՈՒԹԻՒՆԸ
Արմէն Վանեան ծնած է Երեւան: Ան շրջանաւարտ է Երեւանի Պետական համալսարանի Տնտեսական եւ առեւտրական գիտութիւններու բաժանմունքէն՝ արժանանալով տոքթորական վկայականին: Արմէն 2016-ին եկած է Պիշքեք, Խրղըզիստան: Ան բաժնետէրերէն մէկն է միջազգային «Կրենթ թորընթըն» ընկերութեան: Այս ընկերութիւնը ունի աւելի քան 149 կեդրոններ՝ աշխարհի տարածքին: 2021-ին Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան որոշումով՝ Արմէն նշանակուած է Խրղըզիստանի մօտ Հայաստանի պատուոյ հիւպատոս:
Պիշքեք, Խրղըզիստան, նոյեմբեր 2024 թուական:
Խրղըզիստան Կեդրոնական Ասիոյ երկրորդ երկիրն է, որ առիթը ունեցայ այցելելու նոյեմբեր ամսուան ընթացքին՝ աշխատանքային ժողովներու բերումով: Խրղըզիստան շատ գեղեցիկ լեռներով շրջապատուած է, ինչ որ յատուկ գեղեցկութիւն մը կու տայ երկրին: Խրղըզիստան մաս կը կազմէր Խորհրդային Միութեան: 1991-ին անիկա ստացաւ իր անկախութիւնը, երբ խորհրդային համակարգը փուլ եկաւ: Խրղըզիստան նշանաւոր է նաեւ իր ձիերով, զորս յաճախ կը տեսնես երկրի գեղեցիկ մարգագետիններուն վրայ տարածուած: Խրղըզիստանի համար ձիերը նաեւ ազգային խորհըր-դանշական իմաստ ունին եւ բաւական մարզական խաղեր կը կիրարկուին անոնցմով:
Այս բոլորէն անդին՝ կար հետաքրքրութիւնս՝ տեսնելու հայը մայրաքաղաք Պիշքեքի մէջ: Չէի գիտեր, թէ որո՛ւ պէտք էր հարցնէի, որպէսզի գտնեմ հայ մը կամ հայեր այս քաղաքին մէջ: Արմէնին զանգեցի եւ ան պատրաստակամութիւն յայտնեց հանդիպելու: Երբ պայմանաւորուեցանք հանդիպելու Արմէնին հետ, յաջորդ օրն իսկ ան զանգեց ու ըսաւ. «Պրն. Հենրիխ Պալեանն ալ շատ կը փափաքի քեզի հետ հանդիպիլ իր գրասենեակին մէջ: Միասին հոն կը հանդիպինք»:
Հայ-հայերու հետ հանդիպումս սկսաւ իրական դառնալ:
Հենրիխ Պալեանը տնտեսագէտ-գործարար է եւ կը բանեցնէ իր անձնական շինարարական մեծ ընկերութիւնը՝ «Կարվըն կրուփ»: Ան Խրղըզիստանի տարբեր շրջաններուն մէջ կը նախաձեռնէ պանդոկներ եւ զբօսավայրեր կառուցելու աշխատանքներուն: Այս իմաստով ան ծանօթ անուն մըն է երկրին մէջ եւ յստակ էր, թէ մեծ վարկ ու համբաւ կը վայելէ:
Հենրիխ մեծ խանդավառութեամբ ընդունեց Արմէնը եւ զիս: Կը զգայի, որ ուրախ էր, որ հայ մը եկած էր դուրսէն եւ ինք առիթը կ՚ունենայ հանդիպելու եւ ծանօթանալու անոր: Հենրիխ կը խօսի հայերէն: Ան ուրախ տրամադրութեամբ լեցուն հայ մըն է՝ զուարթ բնաւորութեամբ եւ խօսակցութեան մէջ մերթ ընդ մերթ աղուոր կատակներ ընող: Այս իմաստով երբեք դժուար չեղաւ իրեն հետ հաղորդակցութիւն ստեղծելը:
«Ես Արցախ ծնած եմ»։ 13 տարեկան էի, երբ հօրս հետ եկանք Խրղըզիստան: Հայրս համալսարանի դասախօս էր, իր աշխատանքին բերմամբ հոս եկանք», ըսաւ Հենրիխ:
Արցախը եւ անոր ջերմութիւնն ու յուզումը եղան միացնող օղակը մեր խօսակցութեան: Հենրիխ 71 տարեկան է, անկախ այն իրողութենէն, որ փոքր տարիքէն հաստատուած է Պիշքեք, այդ երբեք պատճառ չէ եղած, որ ան մոռնայ մայրենին: Հայերէնով մեր խօսակցութիւնը հանդիպումին տուաւ հարազատ մթնոլորտ մը: «Արցախի մէջ ռուսական դպրոց գացի, այդ օրերուն շատ քիչ հայերէն կը սորվեցնէին մեզի», ըսաւ Հենրիխ:
«Հայերէնի տիրապետութիւնդ շատ լաւ է», եղաւ իմ քաջալերական խօսքս Հենրիխին:
Հենրիխին կրտսեր եղբայրը՝ Սամսոնը, նոյնպէս ներկայ էր այս հանդիպումին: Սամսոն հայերէն չի գիտեր: Ան ծնած եւ մեծցած է Թուրքմենսիտան: Սամսոնը 2000 թուականին եկած է Պիշքեք: Սամսոն ստանձնած է Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի յանձնակատարի ներկայացուցչութիւնը Խրղըզիստանի մէջ: Ան ուզեց ըսել իր սրտի խօսքը, զոր Արմէնը թարգմանեց հայերէնի. «Հայերէն չեմ գիտեր, բայց կը պարծենամ, որ հայ եմ»:
Հենրիխն է նորէն. «Սփիւռքի մէջ հայ մնալը շատ դժուար բան է, մանաւանդ՝ մեր ապրած այս երկրին նման տեղ մը»: Խրղըզիստանի պաշտօնական կրօնը մահմետականութիւնն է:
Խրղըզիստանի մէջ կան այդտեղ բնակութիւն հաստատած տարբեր այլ ազգեր: Աւելի քան 75 տարբեր ազգեր միասին կու գան հաղորդակցութեան եւ համախոհութեան օրակարգերով: Սամսոնը կը ներկայացնէ հայ համայնքը այս համախմբումին մէջ:
Հենրիխ մէկ-մէկ սկսաւ քակել իր ընտանիքին պատմութիւնը: «Պոլսոյ նշանաւոր Պալեան գերդաստանին կը պատկանինք եւ անոնցմէ սերած ենք», ըսաւ ան: Սկսած էի տեսնել, թէ ինչպէ՛ս Հենրիխ դուրս կը հանէր իր ինքնութիւնը եւ անոր տուն տուող հպարտութիւնը: «Հոս շատ հայութիւն չկայ, հազիւ՝ 150 հոգի: Շատ դժուար կ՚ըլլայ զիրենք համախմբել: Քանի մը անգամ փորձեցինք, բայց չյաջողեցանք», ըսաւ Հենրիխ:
Խրղըզիստանի մէջ կայ փոքրաթիւ հայկական ներկայութիւն մը, որ չէ կազմակերպուած: Չկայ որեւէ եկեղեցի կամ կեդրոն ալ, ուր կարելի ըլլայ փորձել եւ համախմբել հայերը: Հայկական ներկայութիւնը անհատական նախաձեռնութիւն է եւ՝ Հենրիխ, այսպէս ըսած, դարձած է հայութեան դիմագիծը Խրղըզիստանի մէջ: Հենրիխին գրասենեակը լեցուն էր նկարներով եւ վկայագիրներով: Այդ նկարներէն մին իրն էր՝ Հունգարիոյ նախագահին հետ նկարուած: «Հունգարիոյ պատուակալ հիւպատոսն եմ Խրղըզիստանի մէջ», ըսաւ Հենրիխ: Ան, ինչ խօսք, նուաճած է վաստակ եւ վարկ՝ իբրեւ յաջող գործարար եւ ունի իր անունն ու դիրքը երկրին մէջ: Բայց ես ուզեցի վերադառնալ իր արցախեան ակունքներուն:
«Արցախցիները եւ արցախցի քաղաքական ղեկավարները բոլորն ալ իմ բարեկամներն են», ըսաւ Հենրիխ ու շարունակեց. «Երբ պաշտօնական այցելութիւններով Պիշքեք եկան, իմ մօտս մնացին»:
Հենրիխ 2016-ին այցելած է Արցախ: «Շատ զգացական էր ինծի համար վերադառնալ տուն՝ երկար տարիներ ետք։ Շատ էին յիշատակները»,՝ըսաւ ան:
«Իսկ այսօ՞ր, ինչպէ՞ս կը զգաս», հարցուցի Հենրիխին:
Հենրիխ նայեցաւ աչքերուս: Այդ աչքերուն մէջէն տեսայ յուզում, ցաւ եւ տակաւին այլ բաներ:
«Արցախը գնաց», ըսաւ Հենրիխ: «Բայց Արցախը սրտիս մէջն է», եղաւ անոր հաստատ պատասխանը:
Արցախը Հենրիխին եւ մեր բոլորին սրտերուն մէջն է:
Հենրիխ ծանօթացաւ իմ ասպարէզիս եւ գործիս:
«Քեզի բան մը ցոյց պիտի տամ», ըսաւ ան եւ գնաց ու իր գրադարանէն բերաւ հայերէն հաստափոր Աստ-ւածաշունչ մը: Աստուածաշունչը հրատարակուած էր Պոլսոյ մէջ՝ 1895-ին: Հենրիխի դէմքին վրայ գծուեցաւ մեծ ժպիտ մը: Եւ այդ ժպիտին մէջ կար նոյնքան մեծ հպարտութիւն: «Այս Աստուածաշունչը նուէր ստացայ եւ մեծ արժէք ունի ինծի համար», ըսաւ ան:
Պէտք էր բաժնուէի Հենրիխէն: Այս այցելութիւնդ չեմ հաշուեր։ Երբ յաջորդ անգամ գաս, իմ հիւրս կ՚ըլլաս», ըսաւ ան: Հրաժեշտ առի, բայց այդ մէկ ժամը ապրեցայ արցախցի Հենրիխի հիւրասէր եւ հաղորդական հոգին, որուն մէջ որքա՛ն շաղախուած էր անոր հպարտութիւնը՝ հայուն եւ անոր արժէքին հպարտութիւնը:
Հայը ամբողջ աշխարհով մէջ տարածուած է: Սփիւռք(ներ) կերտած է քիչ մը ամէն տեղ: Կարգ մը սփիւռք(ներ) կազմակերպուած են, ուրիշներ՝ ոչ: Կազմակերպուած թէ ոչ, կը մնայ մէկ կարեւոր իրականութիւն. հայուն արժէքը եւ անոր նկատմամբ մեր հպարտութիւնը:
Այս արժէք-հպարտութիւնն է, որ պարտինք պահել: Այսօր հայկական իրականութիւնները բազմատեսակ դժուարութիւններու եւ մարտահրաւէրներու առջեւ են: Այս դժուարութիւններուն եւ մարտահրաւէրներուն մէջէն եթէ կորսնցուցինք հող, տարածք, մարդուժ եւ այլն, պիտի մնայ մէկ իրականութիւն, որ պէտք չէ կորսնցնենք: Այդ ալ հայուն արժէքն է եւ այդ արժէքին տուած հպարտութիւնը: Այս արժէք-հպարտութիւնը պահելով է, որ պիտի ստեղծենք կամքը: Կամքը՝ ապրելու: Ապրելու այս կամքով է, որ պիտի կարենանք մեր կորսնցուցածին նորէն տիրանալ:
Հենրիխին հպարտութիւնը: Անպայմանօրէն՝ իւրաքանչիւր հայունը:
Այս հպարտութիւնը պիտի պահենք եւ ապրեցնենք:
Հպարտութիւնը պահելով եւ ապրեցնելով է, որ հայուն պատմութիւնը պիտի դնենք կեանքի շարունակականութեան գործընթացին մէջ:
ՏՔԹ. ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆ