ԱՌԱՋԻՆ ՀԱՒԱՆՈՒԹԻՒՆ
Հայաստանի Ազգային ժողովի Եւրոպայի համարկման հարցերու մշտական յանձնաժողովը դրական եզրակացութիւն տուաւ այն օրէնքի նախագծին, որով սկիզբ պիտի առնէ երկրի Եւրոմիութեան անդամակցութեան գործընթացը։ Այս հարցը օրակարգի վրայ պիտի գայ խորհրդարանի 11-14 փետրուարի նստաշրջանին։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, քննարկման մասնակից ընդդիմադիր «Հայաստան» խմբակցութեան երեսփոխանները յայտարարեցին, որ քուէարկութեան չեն մասնակցիր։
Հայաստանի Եւրոմիութեան անդամակցութեան վերաբերեալ օրէնքի մշակումը արդէն Մոսկուա-Երեւան առանցքին վրայ հերթական տարակարծութեան պատճառ դարձած է։ Նկատի ունենալով, որ Հայաստան կ՚անդամակցի Եւրոասիոյ տնտեսական միութեան (ԵԱՏՄ)՝ այդ երկու կազմակերպութիւններուն նոյնաժամանակ անդամակցութիւնը կը համարուի անկարելի։ Ռուսաստանի փոխ-վարչապետ Ալեքսէյ Օվերչուք վերջին օրերուն յայտնած էր, որ անհամատեղելի են այդ երկու կազմակերպութիւնները եւ կարելի չէ անոնց անդամակցիլ նոյնաժամանակ։ Իր կարգին, Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովան ալ նախընթաց օր յայտնեց, որ ԵԱՏՄ-ի եւ ԵՄ-ի անհամատեղելիութեան մասին Օվերչուքի յայտարարութիւնը հիմնուած է իրականութեան ըմբռնման վրայ։