ՀԱՔԱՆ ՖԻՏԱՆ ՊԱՇՏՕՆԱԿԱՆ ԱՅՑ ՄԸ ԿՈՒ ՏԱՅ ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ

Արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան այսօր երկօրեայ պաշտօնական այցելութեան մը կը ձեռնարկէ դէպի Ուաշինկթըն, ուր կը հիւրընկալուի Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղար Մարքօ Ռուպիոյի կողմէ։ Հաքան Ֆիտան ուղեւորութեան ընթացքին կ՚ունենայ նաեւ այլ հանդիպումներ։ Պաշտօնական աղբիւրները նախարարի այցելութեան ծրագրին կապակցութեամբ մանրամասնութիւններ չեն հրապարակած։

«Անատոլու» գործակալութեան հաղորդումներով, Հաքան Ֆիտանի եւ Մարքօ Ռուպիոյի հանդիպման ընթացքին կը նախատեսուի Անգարա-Ուաշինկթըն օրակարգի ռազմավարական չափումին վերաբերեալ խնդիրներու քննարկումը։ Կողմերը ուշադրութեան առարկայ կը դարձնեն նաեւ այն տարածաշրջանային հարցերը, որոնց պարագային ունին հասարակաց շահեր։

Երեքշաբթի, Մարտ 25, 2025