ՏԱՌԱՃԱՆԱՉԸ

Ընկերային ցանցերու վրայ աչքի կը զարնեն դիպուկ բանաձեւումներ, որոնք կը մերկացնեն մարդոց սին մեծամտութիւնները. «Այն, որ գիրք չի կարդար, որեւէ առաւելութիւն չունի ոչ-տառաճանաչին դիմաց»։ Նուազագոյնը ընելով առաւելագոյնին հասնելու ձգտումը կամ մտայնութիւնը մարդու էութեան մէջ է։ Նոյնիսկ փայլուն օրինակներ կրնան մէջբերուիլ, սակայն, մտաւոր հասունութիւնը բացառութիւն է, միանշանակ։ Արդարեւ, մտաւոր պատրաստութիւնը յաւակնութիւն մը չէ, այլ գործընթաց մը, որու իւրաքանչիւր քայլափոխին ենթական կ՚իւրացնէ, կը մարսէ ու կը վերահաստատուի։ 

«Գրքի էջերը կը նմանին թեւերու, որոնք մեզ կ՚առաջնորդեն դէպի լուսաւորութիւն», կ՚ըսէ Վոլթէր։

Տառաճանաչը ունի լոյսին հասնելու բանալին…

Երեքշաբթի, Մարտ 25, 2025