ԼԱՒ ԿԵԱՆՔԻ ՅՈՅՍՈՎ

Հայաստանի Պետական սենեկային երգչախումբը այս շրջանին թեւակոխած է իր հիմնադրութեան 25-ամեակի յոբելենական շրջանը, ինչ որ երաժշտասէր շրջանակներու անմիջական ուշադրութեան եւ հետաքրքրութեան կ՚արժանանայ։ Երեւանի «Կոմիտաս» սենեկային երաժշտութեան տան մէջ վերջերս տեղի ունեցաւ երգչախումբի յոբելենական համերգը։ Դահլիճը ո՛չ միայն ամբողջութեամբ լեցուն էր, այլ ունկնդիրներու խտութիւնը այնպիսի մթնոլորտ մը ստեղծած էր, որ ձեռնարկը անմոռանալի դարձաւ բոլորի յիշողութեան մէջ։ Յայտագրի տեւողութեան ունկնդրուեցան նաեւ երգչախումբի գեղարուեստական ղեկավար եւ գլխաւոր խմբավար Ռոպերթ Մլքէեանի կողմէ վերաձայնաւորուած գործեր։

«Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, յոբելեանին առթիւ Մլքէեան ըսաւ. «Երգչախումբը քսանհինգ տարի վատ չէ ապրած, յուսանք՝ լաւ կեանքը կը շարունակուի»։

Հայաստանի Պետական սենեկային երգչախումբը քառորդ դարէ ի վեր երկրէն ներս ու արտասահմանի մէջ հայ յօրինողներու ստեղծագործութիւնները կը ներկայացնէ։ Ան աչքի կ՚իյնայ կատարողական բարձր մակարդակով եւ ինքնատիպութեամբ։ Հիմնադրութեան օրէն ի վեր խումբը կը ղեկավարէ Ռոպերթ Մլքէեան, որու խօսքով՝ իւրաքանչիւր յարաբերութեան մէջ մեծ դերակատարութիւն ունի սէրը։ Ուստի, իրարու նկատմամբ այդ նոյն սիրոյ եւ յարգանքի շնորհիւ երգչախումբը գնահատուած եւ համբաւի արժանացած է։

Այս երգչախումբը հիմնուած է «Վաչէ եւ Թամար Մանուկեան» բարեգործական հիմնադրամին շնորհիւ։ Երգչախումբի ղեկը ստանձնելէ առաջ Ռոպերթ Մլքէեան եղած էր Կիւմրիի պետական սեմֆոնիկ նուագախումբի եւ երգչախումբի ղեկավարը։ Մինչեւ այսօր ալ նոյն հիմնադրամը կը խրախուսէ երգչախումբը։

«Կան երգիչներ, որոնք մասնագիտական, առողջական կամ այլ պատճառներով հեռացած են, սակայն հիմնական կորիզը տակաւին կայ։ Երգչախումբը 33 հոգի էր, բայց երեք երգիչ զանազան պատճառներով հեռացաւ. բան մը, որուն համար շատ վատ կը զգամ։ Այժմ 29 հոգի ենք, բայց կը շարունակենք աշխատիլ, կը փորձենք այնպէս մը ընել, որ փոփոխութիւնները չազդեն երգչախումբի գործունէութեան ու որակին վրայ», նշեց մաէսթրոն։

Յոբելենական շրջանին թէեւ Ռոպերթ Մլքէեանի վերամշակումները մատուցուեցան ունկնդիրներուն, սակայն սենեկային երգչախումբը բազմաթիւ յօրինողներու գործերը կը մատուցէ։ Շատ յաճախ կը մեկնաբանուին Տիգրան Մանսուրեանի, Ռոպերթ Ամիրխանեանի, Դաւիթ Հալաճեանի, Էդգար Յովհաննիսեանի, Եդուարդ Երկանեանի, Արթուր Ահարոնեանի եւ այլոց ստեղծագործութիւնները։

«Միշտ կ՚ըսեմ, որ կեանքի մէջ կատարելութեան հասնիլ հնարաւոր չէ։ Աստուծոյ գործերը կատարեալ են, իսկ մարդը պէտք է ձգտի կատարեալ ըլլալու։ Եթէ կը ձգտիք, կ՚աշխատիք, երբեմն ալ կը բարկանանք։ Սա լաւ է, այսինքն՝ աշխատանքը կ՚ընթանայ բարդ, գեղեցիկ եւ արդիւնք կը ստացուի», դիտել տուած է Մլքէեան։

Յոբելեանի խորհրդածութիւններու ժամանակ մաէսթրոն ազնիւօրէն խոստացած է, որ թէեւ երգչախումբի մէջ չ՚երգեր, բայց երգչախումբին հետ կ՚երգէ։ «Առանց այսպէս ընելու չես կրնար։ Երբեմն կը կարծես անոնց կ՚օգնես, բայց իրականութեան մէջ այնպէս չէ։ Հիմնական մասնագիտութիւնս այդ ամբողջը վարելն է։ Բայց, չես կրնար չերգել, որովհետեւ սիրտդ, հոգիդ կը պահանջեն այդ բանը՝ մանաւանդ, երբ կը հնչեն հայկական ժողովրդական երգերը», նշած է ան։

Ուրբաթ, Յուլիս 25, 2025