ԱՆՔԱԿՏԵԼԻ ՍԱՀՄԱՆՆԵՐ

Երեւան-Թեհրան առանցքին վրայ կայուն շփումները կը շարունակուին, ինչ որ կը պայմանաւորէ տարածաշրջանային հաւասարակշռութիւնները։ Հայաստան եւ Իրան արդէն կը ծրագրեն Արաքս գետի վրայով նոր կամուրջի մը կառուցումը։ Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաղչի երէկ պաշտօնական այցելութիւն մը տուաւ Երեւան։ Այս կարեւոր շփման զուգահեռ՝ Երեւան-Ուաշինկթըն առանցքին վրայ ալ երէկ բարձր մակարդակի վրայ շփում մը տեղի ունեցաւ։ Այսպէս, Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղար Մարքօ Ռուպիոյի հետ։ Ուշագրաւ էր, որ այս հեռախօսազրոյցը զուգադիպեցաւ ճիշդ այն օրուան, երբ Ռուպիօ Ուաշինկթընի մէջ մէկտեղուեցաւ արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտանի հետ։

Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Փաշինեան եւ Ռուպիօ քննարկեցին Հայաստան-ԱՄՆ ռազմավարական գործընկերութեան, ինչպէս նաեւ տարածաշրջանային օրակարգին վերաբերեալ հարցեր։ Փաշինեան ներկայացուց այն բանակցային գործընթացները, որոնց արդիւնքով հնարաւոր եղաւ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ ենթադրեալ խաղաղութեան պայմանագրի նախագծի բովանդակութեան համաձայնեցումը։ Փաշինեան ընդգծեց, որ այդ նախագիծը կը սպասէ ստորագրման։ Զրուցակիցները համաձայն գտնուեցան, որպէսզի Երեւանի եւ Ուաշինկթընի միջեւ շարունակուին բարձր մակարդակի շփումները։ Ամերիկեան աղբիւրներն ալ հաղորդեցին, որ Մարքօ Ռուպիօ ողջունեց Հայաստան-Ատրպէյճան ենթադրեալ խաղաղութեան պայմանագրի նախագծի բովանդակութեան շուրջ համաձայնութիւնը։ Ան ընդգծեց կայուն խաղաղութեան կարեւորութիւնը՝ տարածաշրջանային հակամարտութիւնները յաղթահարելու եւ Հարաւային Կովկասէ ներս անվտանգութիւն ու բարգաւաճում ապահովելու առումով։ Փաշինեան եւ Ռուպիօ համակարծիք գտնուեցան, թէ Հարաւային Կովկասէ ներս որեւէ մագլցում կը համարուի անընդունելի։

Ռուպիոյի հետ զրուցելու առընթեր, Փաշինեան երէկ հիւրընկալեց նաեւ Ապպաս Արաղչին, որ Երեւանի ղեկավարութեան կողմէ ամենաբարձր մակարդակի վրայ հիւրընկալուեցաւ։ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան երէկ նախ առանձնազրոյց մը ունեցաւ Ապպաս Արաղչիի հետ։ Ապա նախարարները գլխաւորեցին բանակցութիւնները եւ սարքեցին մամլոյ ասուլիս մը։ Միեւնոյն ժամանակ, Երեւանի մէջ տեղի ունեցաւ Ապպաս Արաղչիի կողմէ հեղինակուած «Բանակցութեան ուժը. քաղաքականութեան ու դիւանագիտական բանակցութիւններու սկզբունքներն ու կանոնները» խորագրեալ գիրքի հայերէն թարգմանութեան շնորհանդէսը։ Օրուան տեւողութեան հիւր նախարարը մէկտեղուեցաւ նաեւ Հայաստանի Ազգային ժողովի նախագահ Ալէն Սիմոնեանի եւ անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեանի հետ։

Թէ՛ Երեւանի եւ թէ Թեհրանի կողմէ երէկուան բանակցութիւններէն վերջ հրապարակուած պատգամներու առանցքին հերթական անգամ տեղ առաւ՝ Հայաստան-Իրան սահմաններու անփոփոխելիութեան կարեւորութիւնը։ Արաղչի վերահաստատեց, որ Իրան դէմ է՝ Հարաւային Կովկասի երկիրներու միջազգայնօրէն ճանչցուած սահմաններու որեւէ փոփոխութեան։ Իր կարգին, Միրզոյեանն ալ ընդգծեց, որ Հայաստան-Իրան սահմանի անքակտելիութիւնը կենսական նշանակութիւն ունի երկու երկիրներուն համար։

Ապպաս Արաղչի Երեւանի մէջ շեշտեց, որ տարակարծութիւնները լուծելու համար որեւէ ռազմական քայլի դէմ հանդէս կու գայ իր երկիրը։ Ան յոյս յայտնեց, թէ Հայաստան-Ատրպէյճան ենթադրել խաղաղութեան պայմանագիրը շուտով կը ստորագրուի։

Արարատ Միրզոյեանն ալ մատնանշեց, թէ Իրան առաջին պետութիւնն է, որ գործնականօրէն ներգրաւուած է «Խաղաղութեան խաչմերուկ» նախագծին։

Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Հայաստանի եւ Իրանի միջեւ երէկուան քննարկումներու լոյսին տակ լուրջ յառաջընթաց արձանագրուեցաւ՝ բեռնատարներու վառելանիւթի սակագինի բարձրացմամբ ծագած խնդիրներու լուծման ճանապարհին։

Միւս կողմէ, Հայաստանի եւ Իրանի Արտաքին գործոց նախարարութիւններու բանբերներն ալ երէկ Երեւանի մէջ ունեցան առանձին հանդիպում մը։ Այս առթիւ շեշտուեցաւ, որ քննարկուած են ապատեղեկատուութեան դէմ պայքարի վերաբերեալ հարցեր՝ հաշուի առնելով տարածաշրջանի ընթացիկ իրադարձութիւնները։

 

Չորեքշաբթի, Մարտ 26, 2025