ՖԻՏԱՆ ԵՒ ՌՈՒՊԻՕ ԵՐԷԿ ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆԻ ՄԷՋ ԱՆԴՐԱԴԱՐՁԱՆ ՀԱՐԱՒԱՅԻՆ ԿՈՎԿԱՍԻ ԿԱՑՈՒԹԵԱՆ
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղար Մարքօ Ռուպիօ երէկ Ուաշինկթընի մէջ արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտանը հիւրընկալելու ժամանակ խնդրեց, որ Թուրքիա աջակցի Հարաւային Կովկասէ ներս խաղաղութեան հաստատման։
Հաքան Ֆիտան երէկ Ուաշինկթընի մէջ Մարքօ Ռուպիոյի հետ քննարկեց անվտանգութեան եւ առեւտուրի բնագաւառէ ներս առանցքային հարցերու շուրջ համագործակցութեան հեռանկարները։ Այս ամբողջին մէջ մասնաւորապէս օրակարգի վրայ եկան ահաբեկչութեան դէմ պայքարի վերաբերեալ հարցերը, Ուքրայնայի իրադրութիւնը, Սուրիոյ այժմու կացութիւնը, ինչպէս նաեւ Թուրքիոյ ներքին քաղաքական իրադարձութիւնները՝ ներառեալ Իսթանպուլի գլխաւոր քաղաքապետ Էքրէմ Իմամօղլուի ձերբակալութիւնը։
Կը հաղորդուի, որ Ֆիտան եւ Ռուպիօ անդրադարձան նաեւ Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողանի եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի միջեւ հաւանական նոր հանդիպման մը կազմակերպման նախապատրաստական աշխատանքներուն։ Այս այցելութիւնը Տանըլտ Թրամփի Սպիտակ տուն վերադարձին յաջորդած ժամանակաշրջանին եղաւ Անգարայի եւ Ուաշինկթընի միջեւ առաջին պաշտօնական շփումը եւ կողմերը նախանշեցին նոր շրջանի վերաբերեալ իրենց ակնկալութիւնները։