ԿԱՐԵՒՈՐ ՈՒՂԵՒՈՐՈՒԹԻՒՆ
Արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան այսօր կ՚այցելէ Մոսկուա՝ Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի հրաւէրին ընդառաջ։ Անգարա-Մոսկուա առանցքին վրայ այս այցելութեան կը վերագրուի նուրբ նշանակութիւն։ Թուրքիա վերջերս կարեւոր դերակատարութիւն ունեցած է՝ Ռուսաստան-Ուքրայնա հակամարտութեան կարգաւորման ուղղեալ բանակցութիւններուն մէջ։ Այլ տարածաշրջաններու վերաբերեալ խնդիրներն ալ միշտ առաջնահերթ տեղ կը զբաղեցնեն կողմերու օրակարգին վրայ՝ մանաւանդ, որ ըստ լրատուամիջոցներու հրապարակումներուն՝ Թուրքիա կը նախատեսէ ռազմակայաններ ստեղծել Սուրիոյ տարածքին։ Ֆիտանի Մոսկուա այցելութեան ընդառաջ, շաբաթավերջին, Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան Իսթանպուլի մէջ ընդունեց Սուրիոյ անցումային շրջանի ղեկավար Ահմէտ Շարան։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, թուրք-ռուսական բանակցութիւններու ընթացքին օրակարգի վրայ կու գայ նաեւ Հարաւային Կովկասի իրադրութիւնը։ Լաւրով արդէն անցեալ շաբաթ այցելած էր Երեւան եւ վերջին շրջանին Անգարա-Մոսկուա գրեթէ բոլոր շփումներուն ընթացքին ուշադրութիւն կը ցուցաբերուի Հայաստան-Ատրպէյճան հաշտութեան գործընթացին։ Հայկական լրահոսին մէջ ուշադրութիւն կը գրաւեն զանազան մեկնաբանութիւններ, ըստ որոնց՝ Ռուսաստան այս շրջանին տարածաշրջանին վերաբերեալ ծրագիրները կը համաձայնեցնէ Թուրքիոյ հետ։
Բացի Լաւրովէն, Մոսկուայի մէջ նախատեսուած են նաեւ Ֆիտանի հանդիպումները այլ բարձրաստիճան պաշտօնատարներու հետ՝ ներառեալ նախագահ Վլատիմիր Փութինի, այս վերջնոյն օգնականը՝ Վլատիմիր Մետինսքիի եւ արտաքին հետախուզութեան ծառայութեան ղեկավար Սերկէյ Նարիշքինի։
Նախարարը ժամադրուած է նաեւ գործարար աշխարհէ ներկայացուցիչներու հետ։