ԵՐԵՒԱՆԵԱՆ ԵՐԿՐՈՐԴ ԵՐԿԽՕՍՈՒԹԻՒՆ

«Երեւանեան երկխօսութիւն» երկրորդ համաժողովը այս առաւօտ սկսաւ՝ համախմբելով միջազգային ընտանիքէն բազում ներկայացուցիչներ։ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Վահագն Խաչատուրեան, ազգային ժողովի նախագահ Ալէն Սիմոնեան, վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան, արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հիւրընկալեցին բոլոր ներկաները։ Երեւանի «Դուին» պանդոկի համալիրէն ներս տեղի կ՚ունենայ համաժողովը, որու բացման Նիկոլ Փաշինեանի առընթեր ելոյթ ունեցաւ նաեւ Սլովաքիոյ վարչապետ Ռոպերթ Ֆիքօ, որ այս առթիւ պաշտօնական այցելութիւն մը կու տայ Հայաստան։

Համաժողովի բացման Նիկոլ Փաշինեան խօսեցաւ Հայաստան-Ատրպէյճան ենթադրեալ խաղաղութեան պայմանագրի՝ բովանդակութիւնը արդէն համաձայնեցուած նախագծին մասին։ Ան վերահաստատեց, որ Երեւան պատրաստ է այդ փաստաթուղթը ստորագրելու Պաքուի հետ։ Իր կարգին, Արարատ Միրզոյեանն ալ ընդգծեց, որ Հայաստան ընտրած է յառաջ շարժուելու իր ուղին, որով կը նախատեսուի առճակատումը յաղթահարել եւ համագործակցութիւնը խթանել։

«Երեւանեան երկխօսութիւն» երկրորդ համաժողովի շրջանակներէն ներս, դէպի Հայաստան պաշտօնական այցելութեան ձեւաչափով Երեւան կը ժամանէ նաեւ Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Ժան-Նոէլ Պարրօ։ Աշխարհի զանազան տարածաշրջաններէն ազդու դերակատարներու ներկայացուցիչներու առընթեր, համաժողովին կը մասնակցին նաեւ միջազգային կազմակերպութիւններու ղեկավարներ։

Երկուշաբթի, Մայիս 26, 2025