ՆՈՐ ԴԱՏՈՂՈՒԹԻՒՆ

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան յայտնեց, որ երկրի արտաքին քաղաքականութիւնը այժմ դարձած է միջազգային գործընթացներուն համահունչ։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Կապանի մէջ կազմակերպուած դեսպանահաւաքի ընթացքին վարչապետը ըսաւ. «Բոլոր այն աղէտները, որոնք մենք մեր պատմութեան ընթացքին ունեցած ենք, անոնց առանձնայատկութիւնները ուսումնասիրելու ժամանակ՝ կու գանք արձանագրել, որ մենք այդպէս ալ, որպէս կանոն չենք կարողացած մեր պատմութեան դատողութիւնը համահունչ դարձնել միջազգային զարգացումներու դատողութեան հետ։ Եւ այն ինչ, որ տեղի ունեցաւ Ուաշինկթընի մէջ կը նշանակէ, որ մեր քաղաքականութեան դատողութիւնը համահունչ դարձած է միջազգային որոշակի գործընթացներու հետ։ Սա մեր թերեւս քանի մը հարիւրամեակի առաջին եւ իրատես հնարաւորութիւնն է՝ դառնալ միջազգային զարգացումներու համահունչ եւ սա չափազանց կարեւոր հաստատում մըն է»։

Բաց աստի, Նիկոլ Փաշինեան դիտել տուաւ, որ եթէ Հայաստանն ու Ատրպէյճանը իրարու վստահէին, ապա որեւէ թուղթ ստորագրելու անհրաժեշտութիւն պարզապէս պիտի չըլլար։ Ուստի, Փաշինեան համոզուած է, թէ Երեւան-Պաքու յարաբերութիւններուն մէջ ի յայտ կու գայ փոխադարձ վստահութեան խնդիրը եւ անոր յաղթահարման ուղղութեամբ դիւանագիտութեան դերը։

«Խնդիրը կաթիլ-կաթիլ վստահութիւն մը կառուցելն է։ Դիւանագիտութիւնը անվստահութեան միջավայրի մէջ վստահութեան փոքր յենման կէտ մը կամ տեսական հնարաւորութիւն մը ստեղծելն է», ըսաւ վարչապետը։

Իր կարգին, արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանն ալ դիւանագէտներու աշխատաժողովի ընթացքին խօսեցաւ Հայաստանի արտաքին քաղաքական տեսլականին մասին՝ նոր ձեւաւորուած իրողութեան պայմաններուն ներքեւ։ Ան մասնաւորապէս անդրադարձաւ օգոստոսի 8-ին Ուաշինկթընի մէջ ձեռք բերուած համաձայնութիւններուն։ Նախարարը կարեւորեց Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան պայմանագրի նախաստորագրումը։ Այս նոր իրողութեան պայմաններուն ներքեւ երկրին առջեւ ձեւաւորուած են նոր հնարաւորութիւններ եւ անոնց իրականացման նպատակով կը ստեղծուի նոր աշխատանքի անհրաժեշտութիւնը։

Միրզոյեան կանգ առաւ նաեւ տարածաշրջանային հաղորդակցութիւններու ապաշրջափակման միջոցաւ ստեղծուելիք հնարաւորութիւններուն վրայ՝ միջազգային կապուղիներու ընդլայնուող ցանցին Հայաստանի արդիւնաւէտ ներգրաւուածութեան ապահովման ուղղեալ ջանքերով հանդերձ։ Ուաշինկթընի մէջ ստորագրուած եռակողմանի հռչակագիրը կ՚ենթադրէ այս ուղղութեամբ աշխատանքներ։ Այս ամբողջին մէջ ռազմավարական գործընկերութիւններու ապագայ զարգացման ուղղեալ աշխատանքներն ալ մասնաւոր ուշադրութեան առարկայ դարձան։

Երեքշաբթի, Օգոստոս 26, 2025