ՆԵՐԿԱՅ ԵՂՈՂՆ ՈՒ ԱՅՆ ՄԻՒՍԸ

Ուրկէ՞ սկսիմ: Թէեւ քիչ մը շուարած եմ, սակայն, նիւթը սրտիս շատ մօտ է: Պարզեմ:

Ներկայ ժամանակին հետ սփիւռքեան գոյատեւման ծիրէն ներս յայտնուած են տակաւին երեւոյթներ եւ վիճակներ, որոնք դժբախտաբար կը մատնեն մեր կամաց-կամաց տեղքայլն ու նոյնիսկ՝ մաշումը: Տեսակ մը անհամ վիճակ եւ կացութիւն:

Միւս կողմէ, լաւատեղեակ ենք, թէ սփիւռքեան ամէնօրեայ մեր հեւքին մէջ շատ ծանր կը պայքարինք ազգային աւանդ մը պահելու համար:

Արդ, թէեւ այս տողերս տժգոյն են, սակայն եւ այնպէս, ինծի համար իրականութիւն ըլլալէ չեն դադրիր: Ու շատ հաւանաբար, թերեւս միլիոն անգամ կրկնած, խօսած, յիշեցուցած, շեփորած, նոյնքան ալ բանաւոր՝ արտայայտած, թէ այսօր եւ ամէն տեղ նուազած է հայախօս սերունդին քանակը, նոյնքան ալ հայերէն կարդացողներու թիւը եւ ասոնց հետ հայրենիքի եւ հայրենասիրութեան, հաւատքի եւ ազատութեան, յաղթանակի եւ պարտութեան, յոյսի եւ լոյսի մասին բազմաթիւ խոհեր, մտորումներ, կարծիք-թելադրանք-մտահոգութիւններ, անգոյն եւ գունաւոր ազգային անցուդարձերու կողքին:

Նոյնքան ալ շունչ ու մելան վատնած ենք հայեցի դաստիարակութեան մասին եւ լայնօրէն անդրադարձած ծնողք-տուն-հայ լեզու-հայ դպրոց՝ խմբակին: Որովհետեւ ասոնք, մէկը միւսը ամբողջացնող ազդակներ են: Սփիւռքահայ մեր գոյութիւնը ամրապնդող ազգային լծակներ: Առանց ասոնց, դժուար պիտի ըլլայ շարունակել մեր երթը: Խորքին մէջ նաեւ հաւասարապէս այս երեքն ալ կեցուածք եւ ըմբռնում պարտադրող ներկայութիւններ են: Հայապահպանումի հիմնաքար: Հայու արտերկրի գոյատեւման գլխաւոր խարիսխ:

Արդ, այս բոլորէն ետք ու մանաւանդ մէկդի ձգելով մեր թերութիւնները, ծուռութիւնները, թերացումներն ու անոնց առաջքը առնող սրբագրութիւնները, հետեւեալ անմեղ հարցումը կը պարզուի մտքիս մէջ… այս բոլորին՝ ո՞վ է մեղաւորը…:

Ուստի եւ համեստօրէն կը կարծեմ, որ տողերս նաեւ կը միտին ընթերցողի մտքին առջեւ բացող, մտածելու եւ խոկալու ազնիւ առիթի մը ստեղծումն ալ է: Նոյնիսկ տեսակ մը ազնիւ հրաւէր՝ մտածելու եւ այս մտահոգութիւններուն մասնակից դառնալու եւ լուծում մը գտնելու:

Ինչո՞ւ…: Որովհետեւ, այս ամէնը կ՚ըսենք, կը կրկնենք, «կը հրամցնենք» մեր համեստ եւ հաւատարիմ ընթերցողին, մեր խօսակիցին, մեր դիմաց մեզ մտիկ ընողին… եւ ո՛չ թէ այն միւսին: բացակայ եղողին… Բացակայ մը, որ ո՛չ կը կարդայ, ո՛չ կը հետեւի, եւ միշտ հեռու է սփիւռքեան կամ ընդհանրապէս հայութեան առօրեայ «աղմուկէն»: Նոյնիսկ հոգը չէ, թէ ինչեր կը պատահին ազգային մեր կեանքէն ներս: Որովհետեւ իմ կարծիքով՝ նոյն այս բացական վերածուած է պարզ եւ հասարակ թիւի եւ զինք առաջնորդողը ուրիշ մէկը չէ եթէ ոչ՝ աշխարհայնացումը: Ան է, որ ձեւականութիւնը խառնած է աւանդութեան հետ: Նոյնիսկ չափանիշները խախտած եւ սկզբունքները արժեազրկած է: Ուրիշներու, աւելի ճիշդ օտարներու գաղափարներու մէջ կ՚ապրի: Ան պարզապէս հայ կեանքի օրուան պայքարէն հեռու նմալով, կորսուած հայ «բացակայ» մըն է:

Ահա անոր հայ կեանքը ապրելու պատրանքը: Օտարութիւնը իր կնիքը դրած իր վրայ: Ի՞նչ ընել, պիտի ըսէք: Պատասխանը՝ շատ «բաներ»: Հաւատացէ՛ք, բոլոր աշխարհը մեր հոգը չէ: Կարեւորը մենք ենք եւ մերինները: Կարեւորը այդ «բացական» է, նաեւ՝ բոլոր «բացակաները»: 

Այնպէս կ՚երեւի, թէ նման մտահութիւններ արտայայտողը, հրապարակողն ու նոյնիսկ ասոնցմով տառապողը կը նմանի այն ուսուցիչին, քարոզիչին, կամ ղեկավարին, որ օրուան յատուկ իր խօսքերը, թելադրանքները, յանդիմանութիւններն ու սխալները կ՚ուղղէ իր դիմաց նստած եւ զինք մտիկ ընող աշակերտին, ներկայ եղող անդամին, կամ աղօթող հաւատացեալին: Իսկ ան միւսը՝ արդէն բացակայ է: Հոն չէ: Ներկայ չէ: Որովհետեւ…

Ու ամէն անգամ նոյն տեսարանը: Միայն ներկայ եղողն է, որ խրատականներ, յանդիմանութիւններ, գնահատականներ եւ թելադրրանքներ կը լսէ: Թէեւ այդ բոլորին ինք կարիքը չունի, որովհետեւ ինք միշտ ներկայ է: Էականը՝ բացակայողն է՝ բացական…

Միւս կողմէ, կարծես բոլորս ալ մտահոգութեան ալիքներուն յայտնի եւ անանուն ցաւերը շալկած զինաթափ կեցած ենք կեանքի անակնկալներուն առջեւ: Բոլորիս համար ցաւի աշխարհ դարձած է այս աշխարհը ու բոլորս ալ կ՚երթանք առանց մեր կամքին, դէպի «վտանգաւոր» մոռացութիւն: Անոր համար ազգին հարցերուն, աւանդութիւններուն, ցաւերուն նկատմամբ անտարբեր մնալը տեսակ մը «դաւաճանութեան» համահաւասար է: Ահա մեր կեանքի դաշտանկարը:

Ու եթէ կը հաւատանք, որ հայ կեանքը որպէս հաւատք եւ հաւաքական ապրում, մեզի համար ազգային է, ուրեմն պարտաւոր ենք ներգրաւել մեր այդ «բացական»: Ձեռնածալ չմնալ: Չնստիլ ծուլութեան բազմոցներուն վրայ եւ սպասել «հրաշքին»: Այլ անոր հետ խօսիլ եւ պարզել հայութիւնը յուզող հարցերու մասին: Բացատրել: Համոզել: Հայ կեանքի թաքուն ձայներուն ականջ դնել տալ: Մակերեսէն անդին թափանցել տալ: Հաւատք եւ վստահութիւն դնել ուսերուն: Ահա կենսականը:

Լաւատեղեակ ենք, թէ ժամանակը արագացած է եւ աշխարհը նոր հունի մէջ է: Լռելը անհնար է։ Թէեւ աշխարհէն մեկուսացած չենք, բայց բոլորս ալ կը դիմագրաւենք տագնապներ եւ անյետաձգելի լուծումներ: Որովհետեւ, տակաւին միակամ չենք: Այնպէս կ՚երեւի, թէ այս առթիւ ցարդ խոցելի են մեր տարած ջանքերն ու դրական ճիգերը: Կ՚ապրինք տեսակ մը կեանք… իրարմէ հեռու եւ անտարբեր: Ահա ազգային տառապանքը ներկայ 21-րդ դարուն, ուր մտահոգութեան ալիքները միշտ ներկայ են: Նոյնիսկ շատերուս մօտ հայու մեր յիշողութեան թոյնը պղտորած է իրենց արեւը:

Մեր ազգին համար նշանաւոր այս «բացական», տարբեր դարերու հանդիսատես մը դարձած է կարծես: Բայց… այս բոլորը չի նշանակեր, որ ամէն բան բախտին պէտք է ձգենք: Պայման է, որ նախ հետաքրքրուինք բացակայով: Փնտռենք, գտնենք զինք: Մօտենանք եւ վերանորոգենք անոր ժամանակը: Անոր օրերը միասնաբար «հայացնենք»: Միշտ ուրիշը՝ օտարը անիծած ենք եւ կ՚անիծենք: Զգաստանանք:

Եւ որպէսզի չկորսուի այդ հայու «բացակայ» դէմքը, պարտաւոր ենք նաեւ մտածել մեր մտահոգութիւններու շարանին մասին եւ ծրագրենք անոր առաջքը առնել, որպէս ամէն անգամ, իբրեւ ծնողք, ուսուցիչ, գրող, քարոզիչ կամ ղեկավար հայեր, մեր բոլոր գունաւոր եւ անգոյն խօսքերը միայն մեր դիմաց նստող, գտնուող ներկաներուն չուղղենք:

Այս բոլորը՝ յանուն հայու վաղուան յոյսը ճոխացնելու համար: Տակաւին գրելու բաներ շատ կան:

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ

Երեքշաբթի, Օգոստոս 26, 2025