ՓԵԶԵՇՔԻԱՆԻ ԵՐԵՒԱՆ ԱՅՑԸ ԵՒ ԹԵՀՐԱՆԻ ԲՈՒՆ ՆՊԱՏԱԿԸ

Իրանի նախագահ Մեսուտ Փեզեշքիան վերջին օրերուն շտապեց հասնիլ Երեւան։ Ատրպէյճանի հետ իր յարաբերութիւնները «բնականոն» դարձնելէ ետք, կարծես Իրանի մեծ վախն է՝ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ նախաստորագրուած համաձայնութեան հաւանական հետեւանքները։ Արդեօք այդ համաձայնութիւնը ոտնատա՞կ ըրաւ Թեհրանի շահերը։ Ի՞նչ է Իրանի իրական մտավախութիւնը եւ ի՞նչ պատճառներով անոր յայտարարութիւնները արագօրէն փոխուեցան։ 

Մեսուտ Փեզեշքիանի Երեւան անակնկալ այցելութիւնը շատ աւելի խորքային նշանակութիւն մը ունի՝ քան պարզապէս երկու հարեւաններու շփումը։ Իրան պատմականօրէն միշտ ուշադրութեամբ հետեւած է Կովկասի իրադարձութիւններուն, որովհետեւ տարածաշրջանը կը ծառայէ՝ իբրեւ անցումային դարպաս՝ դէպի Ռուսաստան, Թուրքիա, Միջին Ասիա եւ նոյնիսկ Եւրոպա։ Հետեւաբար, որեւէ փոփոխութիւն Հայաստանի, Ատրպէյճանի եւ Վրաստանի ներքին իրադրութեան եւ արտաքին յարաբերութիւններուն մէջ՝ անմիջապէս անդրադարձ կ՚ունենայ Իրանի ռազմավարական շահերուն վրայ։ 

Ատրպէյճանի հետ «բնականոնացումը» զուգահեռաբար ներքին տարակոյսներ յառաջացուց։ Վերջին ամիսներուն Թեհրանի եւ Պաքուի միջեւ լարուած յարաբերութիւնները կարծես մեղմացան։ Բազմաթիւ հանդիպումներու եւ բանակցութիւններու շնորհիւ կողմերը յայտարարեցին, որ պատրաստ են յարաբերութիւնները «բնականոնացնելու»։ Իրան այս քայլը պարտաւորուեցաւ առնել երկու հիմնական պատճառով.

1. Տնտեսական եւ ուժանիւթի շահեր- Ատրպէյճանի ուժանիւթի ցանցերը կը կապուին նաեւ Իրանի հետ եւ այդ նաւթային խողովակաշարները չեն կրնար անտեսուիլ Թեհրանի կողմէ։

2. Անվտանգութեան ճնշումներ- Իրանի հիւսիսային սահմանները լարուած պահելու փոխարէն, Պաքուի հետ հանգիստ վիճակը Թեհրանին հնարաւորութիւն կու տայ աւելի մեծ ուժ եւ ուշադրութիւն դարձնելու այլ ճակատներու՝ Սուրիոյ, Իրաքի կամ Պարսից ծոցի վրայ։

Այս «բնականոնացումը» Իրանի ներսը միանշանակ չընդունուեցաւ։ Մէկ կողմէ պետական քարոզչամեքենան կը փորձէ զայն ներկայացնել՝ իբրեւ խելացի դիւանագիտութիւն, իսկ միւս կողմէ պահպանողական շրջանակներ կը մտահոգուին, թէ Պաքու-Թել Աւիւ կապերը կրնան խորանալ ու Իրանի անվտանգութեան սպառնալ։

ԱՄՆ-ի հետ նախաստորագրութեան մը ճնշումը կը զգայ նաեւ Իրան։ Այսպէս, Թեհրանի իրական մտավախութիւնը վերջին շաբաթներուն կեդրոնացած է Ուաշինկթընի հետ գաղտնի բանակցութիւններուն վրայ։ Տեղեկութիւններ կան, որ կողմերը նախաստորագրած են համաձայնութեան քանի մը կէտերը՝ միջուկային ու տնտեսական ճնշումները մեղմացնելու համար։ Թէեւ պաշտօնապէս այս մասին խօսք չկայ, բայց, վերլուծաբաններ կը նշեն, որ Փեզեշքիանի քաղաքական կշռաքարերը անմիջապէս կապուած են այդ փաստաթուղթին հետ։ Իրան կ՚ուզէ այս համաձայնութիւնը ներկայացնել՝ իբրեւ յաղթանակ, բայց՝ նաեւ կը մտահոգուի, որ ան կրնայ նուազեցնել իր ազդեցութիւնը Կովկասի մէջ։ Ի վերջոյ, ամերիկեան քաղաքականութեան դասական տրամաբանութիւնն է, որ տարածաշրջանային ճակատներու մէջ ամէն քայլ փոխկապակցուած պէտք է ըլլայ։ Մերձաւոր Արեւելքի ճնշումներու մեղմացումը կրնայ բերել աւելի ուժեղ ներկայութիւն ԱՄՆ-ի դաշնակիցներուն՝ Իսրայէլի եւ Թուրքիոյ՝ Կովկասէ ներս։

Հայաստանի գործօնը՝ որպէս վստահելի դարպաս, Իրանի տեսակէտէ առաջնահերթ է։ Արդարեւ, այս բոլոր իրադարձութիւններուն առընթեր, Երեւան կը ստանձնէ կարեւոր դեր մը։ Հայաստանի աշխարհագրական դիրքը՝ սահման ունենալով թէ՛ Իրանի, թէ՛ Վրաստանի եւ թէ Թուրքիոյ հետ, անոր կու տայ այնպիսի նշանակութիւն մը, որ առանց Հայաստանի Կովկասի մէջ յաղթանակ ձեռք չի բերուիր։ Իրան Հայաստանի հետ իր յարաբերութիւնները միշտ փորձած է պահել բարիդրացիական մակարդակի վրայ՝ քանի մը հիմնական պատճառով․

1. Տնտեսական կապեր- Հայաստանի հետ կազի եւ ելեկտրականութեան փոխանակման համաձայնութիւնները Իրանի համար կը ծառայեն՝ իբրեւ շնչառական խողովակ։

2. Անվտանգութեան շահեր- Հայաստանի տարածքը Իրանի համար հակակշիռ մըն է՝ Ատրպէյճան-Թուրքիա դաշինքին դէմ։

3. Քաղաքական պատգամ- Երեւան այցելելով՝ Իրանի նախագահը փորձեց ապացուցանել, որ Թեհրան ո՛չ միայն Պաքուի հետ կը «բնականոնանայ», այլեւ Հայաստանի կողքին կը մնայ՝ իբրեւ հաւասարակշռող ուժ։

Այս պատգամը ունի նաեւ ներքին լսարան․ Իրանի քաղաքական վերնախաւը կը փորձէ իր ժողովուրդը համոզել, թէ որեւէ արտաքին համաձայնութիւն (նաեւ ԱՄՆ-ի հետ) կրնայ ոտնատակ ընել ազգային շահերը։

Ռուսաստանի եւ Թուրքիոյ գործօններն ալ, անշուշտ, հաշուի պէտք է առնուին։ Իրանի քայլերը պէտք է դիտարկել նաեւ ռուսական եւ թրքական քաղաքականութեան լոյսին տակ։ Այսպէս,

Ռուսաստան- Ուքրայնայի պատերազմին հետեւանքով Մոսկուա նուազեցուց իր ուշադրութիւնը Կովկասի ուղղութեամբ։ Թեհրան կը փորձէ լեցնել այդ պարապութիւնը՝ Հայաստանի հետ համագործակցութիւնը ուժեղացնելով։

Թուրքիա- Անգարա յաջողած է ամրապնդել կապերը Պաքուի հետ, իսկ «Զանգեզուրի միջանցք»ի գաղափարը կը ներկայացուի՝ իբրեւ ռազմավարական նպատակ։ Իրանի համար այդ միջանցքը կարմիր գիծ է, որովհետեւ կը սպառնայ Իրան-Հայաստան սահմանը վերածելու ոչ-գործածելիի։ Փեզեշքիանի Երեւան այցով ուղղակիօրէն շեշտուեցաւ այդ մտահոգութիւնը։

Իրան ներկայիս հետեւեալներուն վրայ կը կեդրոնանայ՝ իր մտահոգութիւններու լոյսին տակ.

1. Ամերիկեան ներթափանցում- Թեհրան կը մտահոգուի, որ ԱՄՆ-ի հետ մեղմացումը գործնականապէս դուռ կը բանայ ամերիկեան ուժեղ ներկայութեան Հայաստանի եւ Վրաստանի մէջ։

2. Իսրայէլի ազդեցութիւն- Ատրպէյճանի հետ սերտ համագործակցութիւնը Իսրայէլին հնարաւորութիւն կու տայ մօտենալ Իրանի հիւսիսային սահմաններուն։

3. Տարածաշրջանային շրջափակում- Եթէ Թուրքիա-Ատրպէյճան-Իսրայէլ-ԱՄՆ առանցքը ամրանայ, ապա Իրանի համար մնայուն շրջափակում մը կրնայ ստեղծուիլ, որուն դէմ Հայաստանի հետ կապը կը դառնայ միակ փրկարար ելքը։

Այս բոլորի լոյսին տակ պէտք է դիտարկել, թէ ինչո՞ւ փոխուեցան պաշտօնատարներու յայտարարութիւնները։ Առաջին փուլին Իրանի ղեկավարները խիստ քննադատական ոճով կը խօսէին Ատրպէյճանի եւ անոր դաշնակիցներուն մասին։ Բայց ԱՄՆ-ի հետ «նախաստորագրութեան» յայտնուելէն ետք, այդ ոճը մեղմացաւ։ Պարզ պատճառը այն է, որ Թեհրան չի փափաքիր վտանգել իր բանակցային դիրքը։ Միւս կողմէ, ան կը փորձէ իր բոլոր հարեւաններուն ուղարկել պատգամ մը, թէ Իրան չի պատրաստուիր միակողմանի ճամբով մը ընթանալ։

Ի դէպ, Իրան-Հայաստան վերջին շփումներուն եւ յարաբերութեանց շուրջ տեղաշարժին մասին ուշագրաւ հրապարակում մը երեւցաւ «Bloomberg»ի կայքին վրայ։ Սպիտակ տան մէջ ստորագրուած հռչակագրին եւ Փեզեշքիանի Երեւան այցելութեան ընթացքին կնքուած փաստաթուղթերուն անդրադառնալէ վերջ մասնաւորապէս նշուած է, որ թէեւ Իրանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը ընդհանրապէս ողջունած է Ուաշինկթընի հռչակագիրը, սակայն, երկրի կրօնապետին՝ Այէթուլլահ Ալի Խամանէյի օգնականը դատապարտած է առաջարկուած տարանցիկ երթուղին, որովհետեւ զարգացման բացառիկ իրաւունքները պիտի վիճակին ԱՄՆ-ին։

Հուսկ, Փեզեշքիանի Երեւան այցը պէտք է մեկնաբանել՝ իբրեւ հետեւեալ շերտերով ռազմավարական քայլ․

- Իրանի նախագահը ներքին լսարանին դիմաց կը յայտարարէ, որ երկրի շահերը չեն զոհաբերուիր ԱՄՆ-ի հետ բանակցութիւններուն մէջ։

- Ան Հայաստանի իշխանութիւնները կը վստահեցնէ, որ իր երկիրը կը մնայ անոնց կողքին եւ կը պահէ կարմիր գիծերու յստակութիւնը։

- Իրան Ատրպէյճանը եւ Թուրքիան կը զգուշացնէ, որ չի պատրաստուիր հանդուրժել սահմանային շրջափակման։

- Թեհրան Ուաշինկթընին կը յուշէ, որ Կովկասի մէջ իր ներկայութիւնը անփոխարինելի է։

Վերջապէս Իրանի իրական մտավախութիւնը ո՛չ թէ միայն Ատրպէյճանի յարձակողական քաղաքականութիւնն է, այլ արտաքին պայմանաւորուածութիւններու ճնշումով իր տարածաշրջանային դերակատարութեան սահմանափակումը։ Փեզեշքիանի Երեւան այցը այդ հեռանկարային մտավախութեան դէմ հակազդեցութիւն մըն էր՝ դաշնակիցներու վստահեցման եւ հակառակորդներու զգուշացման նպատակով։

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Երեքշաբթի, Օգոստոս 26, 2025