Կիրակի 20, Ապրիլ 2025
ՔԱԼԸՆԻ ԴԱՄԱՍԿՈՍ ԱՅՑԸ
ՄԻԹ-ի նախագահ Իպրահիմ Քալըն շաբաթավերջին Դամասկոսի մէջ տեսակցեցաւ Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարար Էսատ Հասան Շէյպանիի հետ։ Ան ընդունուեցաւ նաեւ երկրի ղեկավար Ահմէտ Շարայի կողմէ։ «Անատոլու» գործակալութեան հաղորդումներով, Սուրիոյ Արտաքին գործոց նախարարութիւնը ընկերային ցանցերու վրայ տեղեկացուց, որ Իպրահիմ Քալըն մէկտեղուած է նաեւ Սուրիոյ լրաքաղութեան սպասարկութեան ղեկավար Էնէս Հաթթապի հետ։
Պաշտօնական աղբիւրները ոչինչ հաղորդած են քննարկումներու բովանդակութեան շուրջ։
Երկուշաբթի, Յունուար 27, 2025