ԸՍՏ ՆԻԿՈԼ ՓԱՇԻՆԵԱՆԻ՝ ՂԱՐԱԲԱՂԵԱՆ ՇԱՐԺՈՒՄԸ ՊԷՏՔ ՉԷ ՇԱՐՈՒՆԱԿՈՒԻ
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան յայտարարեց, որ Ատրպէյճանի հետ համաձայնեցուած ենթադրեալ խաղաղութեան պայմանագրի նախագծին մէջ որեւէ զիջում խնդրոյ առարկայ չէ։ Երէկ, երկրի խորհրդարանէն ներս երեսփոխաններու հարցումներուն պատասխանելու ժամանակ վարչապետը ընդգծեց, որ այդ նախագծին մէջ ամէն ինչ նախատեսուած է երկկողմանի ձեւով, փոխադարձութեան տեսքով։
Փաշինեան յիշեցուց, որ Երեւան Պաքուին առաջարկած է սկսիլ խորհրդակցութիւններ՝ խաղաղութեան համաձայնագրի ստորագրման վայրի եւ ժամկէտներուն վերաբերեալ։ «Ի հարկէ, նաեւ հրապարակային դիւանագիտական առաջարկները կը զուգորդուին դիւանագիտական առաջարկներով եւ որոշ աշխատանք մը կ՚ընթանայ։ Լաւ չէ դիւանագիտական աշխատանքի մասին պատմելը։ Երբ այդ աշխատանքը արդիւնք տայ, ապա բոլորը կը տեսնեն այդ մէկը», ըսաւ վարչապետը։
Միեւնոյն ժամանակ, «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Նիկոլ Փաշինեան երէկ խորհրդարանի ամպիոնէն ըսաւ. «Ես կ՚ուզեմ առանց սեթեւեթանքի, յստակ եւ աներկբայ ըսել, որ ես կը կարծեմ, թէ մենք ղարաբաղեան շարժումը պէտք չէ շարունակենք»։ Այս կապակցութեամբ ան աւելցուց նաեւ հետեւեալը. «Ո՞ր պահուն ժողովուրդը համաձայն չըլլայ ղարաբաղեան շարժումը չշարունակելու իմ արձանագրման հետ՝ այդ պահուն կը դադրիմ վարչապետ ըլլալէ»։
Ի լրումն այս բոլորին, Փաշինեան կարեւորեց Պաքուի մէջ ապօրինաբար ի պահ դրուած հայ գերիներու եւ պատանդներու վերադարձը՝ որպէս մարդասիրական եւ քաղաքական հարց։