ԱՒԵԼԻ ԼԱՒ ՔԱԼԵԼ
Մարդ յաճախ կը զգայ մոլորուած: Շուարումը, սայթաքումը անպակաս են կեանքէն։ Ընթացիկ երեւոյթներու, ապրումներու կամ պարագաներու դիմաց մարդու կեդրոնացումը վերիվայրումներ կ՚արձանագրէ անխուսափելիօրէն, բնականաբար: Սա կ՚առընչուի եռանդ ըսուածին հետ, որ մարդ արարածի ամենախորհրդաւոր ծալքերուն կը հպի: Մարդու ներաշխարհին յարիր չէ համահարթեցումը:
Երբ ամէն առաւօտ տունէդ դուրս կու գաս գործի երթալու համար, առ երեւոյթ կը կտրես նոյն ճանապարհը կամ հեռաւորութիւնը: Եկուր-տես, որ այդ ճանապարհը ամէն օր քեզի կրնայ նոյնը չթուիլ. օր մը վստահ գիտես, թէ ո՛ւր կը տանի, օր մըն ալ կը մոլորուիս: Մարդու էութիւնը կը դժուարացնէ ճանապարհը, կեանքի ճանապարհները սահմանել միայն տարածութեան երեսակով:
«Ես չեմ գիտեր ո՛ւր կ՚երթայ իմ ճանապարհը, բայց աւելի լաւ կը քալեմ, երբ ձեռքս կը սեղմէ քուկինդ», կը բանաձեւէ Ալֆրէտ տը Միւսէ: