ՍԱԴՐԱՆՔՆԵՐՈՎ ՀԱՆԴԵՐՁ
«Երեւանեան երկխօսութիւն» երկրորդ համաժողովը վերածուած է միջազգային թէժ օրակարգի խնդիրներու արծարծման հեղինակաւոր հարթակի մը։ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան համոզուած է, թէ մարդկութիւնը թէեւ մեծ անորոշութեան մը դէմ յանդիման է, բայց սա աշխարհի վերջը չէ։
Երեւանի ղեկավարութիւնը այս համաժողովի շրջանակներէն ներս միջազգային հանրութեան ուղղեալ կարեւոր պատգամներ կու տայ իր օրակարգի առաջնահերթութիւններուն կապակցութեամբ։ Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան յայտնեց, որ ի հեճուկս բոլոր սադրանքներու՝ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ պատերազմ պիտի չըլլայ, խաղաղութիւն պիտի ըլլայ։ Ան համոզուած է, թէ Երեւան-Պաքու խաղաղութեան հաստատման պատմական հնարաւորութիւնը պիտի չմսխուի։
Արարատ Միրզոյեան երէկ համաժողովի շրջանակներէն ներս ելոյթ ունեցաւ ասուլիսի մը ժամանակ, որու ատենախօսներու շարքին էր Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Ժան-Նոէլ Պարրօ։ Այս փուլին Միրզոյեան ըսաւ. «Մեր շուրջ խաղաղ եւ անվտանգ միջավայր ձեւաւորելը Հայաստանի արտաքին քաղաքական գերակայութիւնն է»։ Իր խօսքով՝ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ համաձայնութեան մօտելը կրնայ օրինակ ծառայել այլ հակամարտութիւններու կարգաւորման համար։
Հայ դիւանագէտները համաժողովի ընթացքին շեշտեցին, որ Հայաստան կը գտնուի բազմակողմանի յարաբերութիւններու խաչմերուկի մը վրայ, ուստի, կը կարեւորէ արտաքին քաղաքականութեան տեսակաւորումը։ Իր կարգին, Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան ընդհանուր քարտուղար Դաւիթ Կարապետեանն ալ ընդգծեց, որ Երեւանի արտաքին քաղաքականութեան ընկալման մակարդակը շատ բարձր է։
Ժան-Նոէլ Պարրօ, որ երէկ ընդունուեցաւ նաեւ Նիկոլ Փաշինեանի կողմէ, անդրադարձաւ պաշտպանութեան ոլորտէն ներս Երեւան-Փարիզ համագործակցութեան։ Իր խօսքով՝ ժամանակն է, որպէսզի Երեւան-Պաքու խաղաղութեան համաձայնագիրը ստորագրուի։ Ֆրանսական կողմը պիտի շարունակէ աջակցիլ Հայաստան-Եւրոմիութիւն յարաբերութիւններու սերտացման։ Ըստ Պարրոյի՝ Հայաստան-Ատրպէյճան խաղաղութեան հաստատումէն պիտի շահի նաեւ Եւրոմիութիւնը։ Ֆրանսացի նախարարը վարչապետին հետ զրուցելու ժամանակ վերահաստատեց իր երկրի անսասան աջակցութիւնը Հայաստանի զարգացման եւ կարողութիւններու ամրապնդման ուղղութեամբ։ Նախարարներու համատեղ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին ալ Արարատ Միրզոյեան արձանագրեց, որ Երեւան-Փարիզ յարաբերութիւնները ունին ռազմավարական բնոյթ։
«Երեւանեան երկխօսութիւն»ի շրջանակներէն ներս Հայաստանի արտաքին գործոց փոխ-նախարար Վահան Կոստանեան յայտարարեց, որ Երեւան դրական կը գնահատէ վարչապետ Փաշինեանի վերջերս Թիրանի մէջ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ ունեցած հանդիպումը։ Համաժողովի ընթացքին Փաշինեան կրկնեց, որ Հայաստանի ինքնիշխան տարածքէն ներս չի կրնար գոյութիւն ունենալ «Արեւմտեան Ատրպէյճան» մը։
Իր կարգին, Արարատ Միրզոյեան համաժողովի ընթացքին դիտել տուաւ, որ Հայաստանի տեսլականը յստակ է՝ հարեւաններէն երկուքին հետ յարաբերութիւններու կարգաւորումը։ Ան խօսեցաւ Թուրքիա-Հայաստան երկխօսութեան եւ անոր Ատրպէյճանի հետ կարգաւորման գործընթացի վրայ հաւանական ազդեցութեան շուրջ։
«Իմ անձնական կարծիքով՝ եթէ մենք Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններուն մէջ յառաջընթաց արձանագրենք, ապա այդ մէկը հսկայական դրական ազդեցութիւն կը գործէ Ատրպէյճանի հետ մեր յարաբերութիւններու կարգաւորման համար», ըսաւ նախարարը։