ՖԻՏԱՆ ԸՆԴՈՒՆՈՒԵՑԱՒ ՓՈՒԹԻՆԻ ԿՈՂՄԷ. ՄՈՍԿՈՒԱՅԻ ՇՓՈՒՄՆԵՐԷՆ ՎԵՐՋ ՔԻԵՒ

Երէկ, արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան ամենաբարձր մակարդակի վրայ շփումներ ունեցաւ Մոսկուայի մէջ։ Քրեմլինի պալատէն ներս ան ընդունուեցաւ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի կողմէ։ Բացի իր պաշտօնակից Սերկէյ Լաւրովէն, Ֆիտան Մոսկուայի մէջ այլ պաշտօնատարներու հետ ալ մէկտեղուեցաւ. ինչպէս՝ արտաքին հետախուզութեան ծառայութեան ղեկավար Սերկէյ Նարիշքին եւ Փութինի օգնական Վլատիմիր Մետինսքի։

Տեղեկան մամուլի հաղորդումներով՝ Քրեմլինի պալատին մէջ Ֆիտան եւ Փութին զրուցեցին շուրջ ժամ մը։ Նախարարը հերթական անգամ ընդգծեց Թուրքիոյ պատրաստակամութիւնը՝ Ռուսաստան-Ուքրայնա հաշտութեան բանակցութիւնները վերստին հիւրընկալելու համար։ Բացի Ռուսաստան-Ուքրայնա հակամարտութենէն, զրոյցի ընթացքին օրակարգի վրայ եկան Սուրիոյ իրադարձութիւններն ու երկկողմանի յարաբերութիւններու ընթացքը։ Կարծիքի փոխանակումներու ամբողջին մէջ մասնաւոր ուշադրութեան առարկայ դարձաւ ուժանիւթի բնագաւառը։

Մոսկուայի շփումներու ընթացքին Հաքան Ֆիտան ընդգծեց, թէ Թուրքիա հաւատարիմ կը մնայ Ռուսաստան-Ուքրայնա հակամարտութեան արդար ու մշտական կարգաւորման։

Հաքան Ֆիտանի ուղեւորութեան ընդառաջ պաշտօնական աղբիւրները տեղեկացուցած էին, որ բանակցութիւններու ընթացքին արժեւորումներ նախատեսուած են նաեւ Հարաւային Կովկասի իրադրութեան շուրջ։

«Reuters»ի հաղորդումներով՝ Մոսկուայի շփումներէն վերջ Հաքան Ֆիտան կ՚անցնի Քիեւ։

Երեքշաբթի, Մայիս 27, 2025