Կիրակի 20, Ապրիլ 2025
ՄԱՀ՝ ԱՐՄԷՆ ԴՈՒԼԵԱՆԻ
Խոր ցաւով վերահասու եղանք, թէ Երեւանի մէջ իր մահկանացուն կնքած է փորձառու լրագրող եւ վերլուծաբան Արմէն Դուլեան։ Շաբաթավերջին իր ինքնազգացողութիւնը յանկարծ ծայրայեղ ձեւով վատթարացած է բնակարանին մէջ եւ դժբախտաբար, կարելի չէ եղած կեանքը փրկել եւ 71 տարեկան հասակին կնքած է իր մահկանացուն։ Արմէն Դուլեան վերջին տարիներուն «Սփութնիք Արմենիա» ռատիոկայանի մէջ կ՚աշխատէր որպէս հաղորդավար։ Աւելի առաջ, երկար տարիներ աշխատակցած էր նաեւ «Ազատութիւն» ռատիոկայանին:
Երեքշաբթի, Յունուար 28, 2025