ԷՐՏՈՂԱՆ ՀԻՒՐԸՆԿԱԼԵՑ ՄԱԹՎԻԷՆՔՈՆ

Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան երէկ ընդունեց Ռուսաստանի Դաշնակցային խորհուրդի նախագահ Վալենթինա Մաթվիէնքոն, որ Անգարայի մէջ հիւրընկալուեցաւ Ազգային մեծ ժողովի նախագահ Նուման Քուրթուլմուշի կողմէ։ Էրտողան-Մաթվիէնքօ հանդիպումը տեղի ունեցաւ Իսթանպուլի մէջ, Հանրապետութեան նախագահի Տոլմապահչէի գրասենեակէն ներս։ Էրտողանի կողքին էին Նուման Քուրթուլմուշ եւ իր արտաքին քաղաքականութեան եւ անվտանգութեան գծով աւագ խորհրդականը՝ Աքիֆ Չաղաթայ Քըլըչ։

Էրտողան-Մաթվիէնքօ հանդիպման զուգահեռ՝ երէկ Իսթանպուլի մէջ տեղի ունեցան Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու եւ Ռուսաստանի միջեւ յոյժ գաղտնի բանակցութիւններ, որոնք տեւեցին վեցուկէս ժամ։ Ուքրայնայի հակամարտութեան կարգաւորման օրակարգով տեղի ունեցան՝ Թուրքիոյ հիւրընկալած այս բանակցութիւնները։

Նուման Քուրթուլմուշ յայտնեց, որ Թուրքիա պատրաստակամ է ամէն տեսակ աջակցութիւն ցուցաբերելու՝ պատերազմի դադրեցման համար։

Իր կարգին, արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտանն ալ երէկ յայտնեց, որ տարածաշրջանէն ներս անվտանգութեան ճարտարապետութիւն մը չի կրնար ձեւաւորուիլ՝ առանց Թուրքիոյ։

Ներկայ շաբթուան սկիզբին, Մաթվիէնքոյի այցելութենէն անմիջապէս առաջ, Թուրքիա հիւրընկալած էր Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովը, որ աւելի վերջ ուղեւորուած էր դէպի Իրան եւ Քաթար։ Թուրքիա ժամանելէ առաջ Մաթվիէնքոն ալ հեռախօսազրոյց մը ունցած էր Հայաստանի ազգային ժողովի նախագահ Ալէն Սիմոնեանի հետ։

Ուրբաթ, Փետրուար 28, 2025