ՊԱՅՔԱՐԻ ԱՌԱՆՑՔՆԵՐ
Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան (ՀՅԴ) պիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր-Խաչատուրեան յայտարարեց, որ Արցախի հայերը միջազգային երաշխիքներով պէտք է վերադառնան իրենց հայրենիքը։ Իր խօսքով՝ Արցախին պէտք է տրուի միջանկեալ կարգավիճակ մը։
Երեւանի մէջ կազմակերպուած ՀՅԴ-ի 35-րդ ընդհանուր ժողովին զուգահեռ՝ պիւրոյի ներկայացուցիչ Տէր-Խաչատուրեան յայտնեց, որ կուսակցութիւնը ներկայիս աշխատանք կը տանի նաեւ՝ Պաքուի հայ պատանդներու եւ ռազմագերիներու վերադարձի հարցով։ Այդ խորհրդակցութիւնները ամենաբարձր մակարդակով կ՚ընթանան՝ ներառեալ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի վարչախումբը։
«Ազատութիւն» ռատիոկայանի հաղորդումներով, Տէր-Խաչատուրեան դիտել տուաւ, որ ԱՄՆ-ի, Ֆրանսայի եւ Ռուսաստանի մէջ յառաջ կը տարուին արձագանգները։ Ան մանրամասնութիւն չտուաւ՝ հաշուի առնելով, որ ամէն ինչ տակաւին սկզբնական փուլի մէջ է։
Յակոբ Տէր-Խաչատուրեան պնդեց, որ վերոյիշեալ ուղղութիւններով Հայաստանի իշխանութիւնները ոչինչ կ՚ընեն։