ՍՏՈՐԱԳՐԵԼՈՒ ԺԱՄԱՆԱԿԸ
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան յայտարարեց, որ ժամանակն է Ատրպէյճանի հետ ստորագրել խաղաղութեան պայմանագիրը եւ յառաջ ընթանալ տնտեսական հնարաւորութիւններու բացման ուղղութեամբ։ Նախարարը այս յայտարարութիւնը ըրաւ Ղազախիստանի մէջ, ուր կը զրուցէր լրագրողներու հետ։
Իր կարգին, Հայաստանի արտաքին գործոց փոխ-նախարար Վահան Կոստանեանն ալ նշեց, որ Երեւան որեւէ խոչընդոտ չի տեսներ Պաքուի հետ խաղաղութեան պայմանագիրը անյապաղ ստորագրելու համար։
Հայաստանի կառավարութեան երէկուան նիստէն վերջ, զանգուածային լրատուութեան միջոցներու ներկայացուցիչներուն հետ զրուցելու ժամանակ փոխ-նախագահ Կոստանեան յայտնեց, որ Երեւանն ու միջազգային հանրութիւնը Պաքուին կոչ կ՚ուղղեն, որպէսզի դադրեցուի հայ պատանդներու եւ գերիներու կեղծ դատավարութիւններու գործընթացը։