ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ԻՖԹԱՐԻ ՄԱՍՆԱԿՑԵՑԱՒ ՊԵՇԹԵՓԷԻ ՄԷՋ
Երէկ երեկոյեան, Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան իֆթարի սեղանի շուրջ համախմբուեցաւ Թուրքիոյ կրօնական առաջնորդներուն հետ՝ իր կողքին ունենալով Առաջին տիկին Էմինէ Էրտողանը։ Պեշթեփէի համալիրէն ներս սարքուած ընթրիքին մասնակցեցաւ նաեւ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան, որ կարճատեւ այց մը տուաւ մայրաքաղաք Անգարա։ Հիւրերու շարքին էր նաեւ Սոմալիի նախագահ Հասան Շէյխ Մահմուտ, որ կ՚այցելէր Թուրքիա։ Սեղանակիցներու շարքին էր Թուրքիոյ Կաթողիկէ հայոց պատրիարքական կառավարիչ Տ. Վարդան Ծայրագոյն Վարդապետ Գազանճեան Գերապայծառը։
Երեկոյթի ընթացքին,ճաշասաղանի շուրջ ստեղծուեցաւ մտերմիկ զրոյցի մթնոլորտ։ Նախագահ Էրտողան դրական պատգամներ տուաւ՝ երկրէն ներս համակեցութեան ու միասնականութեան ոգիին կապակցութեամբ։ Իրենց հերթին, Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրն ու միւս հոգեւոր առաջնորդները Էրտողանը այժմէն շնորհաւորեցին մօտալուտ Ռամազանի տօնին առթիւ՝ յղելով բարեմաղթութիւններ։
Նորին Ամենապատուութեան ընկերացաւ գաւազանակիր Տ. Գասպար Աբեղայ Կարապետեան։