Հինգշաբթի 9, Ապրիլ 2026
ԸՆԴԼԱՅՆԵԼ ԳՈՐԾԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ
Երէկ, Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Սուրէն Պապիկեան շփումներ ունեցաւ Փարիզի մէջ, ուր հիւրընկալուեցաւ բարձր մակարդակի վրայ։ Սուրէն Պապիկեան բանակցութիւններ վարեց Ֆրանսայի պաշտպանութեան նախարար Քաթրին Վոթրէնի հետ։ Կողմերը անդրադարձան համագործակցութեան մակարդակի բարձրացման վերաբերեալ հարցերու։
Այլ հանդիպումներու առընթեր, Սուրէն Պապիկեան օրուան տեւողութեան ընդունուեցաւ նաեւ Ֆրանսայի վարչապետ Սեպաստիան Լըքոռնիւի կողմէ։ Վարչապետն ու նախարարը զրուցեցին համագործակցութեան ընդլայնման անհրաժեշտութեան շուրջ։ Հանդիպման ներկայ էր նաեւ Քաթրին Վոթրէն։
Սեպաստիան Լըքոռնիւ Ֆրանսայի կառավարութեան մէջ Սուրէն Պապիկեանին յանձնեց՝ Հանրապետութեան նախագահ Էմմանիւէլ Մաքրոնի կողմէ շնորհուած «Լէժիոն տ՚Օնէօր»ը։
Շաբաթ, Մարտ 28, 2026