ՅԱՂԹԱՀԱՐԵԼ ՏԱՐԲԵՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ

Երէկ, Հռոմէական Կաթոլիկ եկեղեցւոյ քահանայապետ Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Պապը ընդունեց Քենթըրպըրիի արքեպիսկոպոս Սառա Մէօլին։ Այս ձեւաչափով հանդիպում մը վերջին անգամ տեղի ունեցած էր վաթսուն տարի առաջ։ Մօտաւոր անցեալին Վատիկան այցելած էր նաեւ Անգլիոյ Չարլզ Գ. թագաւորը, որ Անկլիքան եկեղեցւոյ գլուխն է։

Սրբազան Պապը Քենթըրպըրիի արքեպիսկոպոսը հիւրընկալելու ժամանակ անդրադարձաւ բաժանումներէ անդին՝ խաղաղութեան վկաները դառնալու։

Քահանայապետը համոզուած է, թէ տառապալի առկայ աշխարհի մէջ բախումները պատճառ կը դառնան, որ Սուրբ Աւետարանի կոչերը նուազ լսելի դառնան։ Ուստի, ան այս հիման վրայ կոչ ուղղեց քրիստոնեաներու միջեւ միութեան համար։

Հուսկ, քահանայապետը արձանագրեց, որ գայթակղութեան համազօր կ՚ըլլայ՝ աշխատանք չտանիլը տարբերութիւններու յաղթահարման համար։

Երեքշաբթի, Ապրիլ 28, 2026