«ՀԱՅԱՍՏԱՆ ԱՅԺՄ ԿԸ ՓՈՐՁԷ ՓՈԽԵԼ ՀԱՐԱՒԱՅԻՆ ԿՈՎԿԱՍԻ ԹԱՓԸ»

Հայաստանի ազգային ժողովի փոխ-նախագահ Ռուբէն Ռուբինեան յայտնեց, որ Երեւան այժմ կը փորձէ փոխել Հարաւային Կովկասի տարածաշրջանային թափը։ «Երեւանեան երկխօսութիւն» երկրորդ միջազգային համաժողովի շրջանակներէն ներս մասնակցած ասուլիսին ժամանակ ան ընդգծեց, որ անվտանգութեան ոլորտէ ներս միայն մէկ աղբիւրի վրայ յենուիլը պարզապէս չ՚աշխատիր։

«Երեւանեան երկխօսութիւն»ը վերջին երկու օրերուն դարձաւ միջազգային կարեւոր ժամադրութիւն մը։ Հունգարիոյ արտաքին գործոց նախարար Փեթէր Սիաթրօ այս ծիրէն ներս երէկ յայտնեց, որ փակ դռներու ետին Եւրոմիութեան անդամ երկիրները կ՚արտայայտուին անոր ընդլայնման դէմ։ Սա ուշագրաւ արտայայտութիւն մըն էր՝ մանաւանդ, որ Հայաստանի մէջ յաճախ կը կրկնուի Եւրոմիութեան անդամակցութեան փափաքը։

Համաժողովի մասնակիցներու շարքին էր Քաթարի արտաքին գործոց պետական նախարար Մուհամմէտ պին Ապտիւլազիզ էլ Խուլէյֆի, որ երէկ ընդունուեցաւ Հայաստանի անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեանի կողմէ։ Երեւանի մէջ տեղի ունեցաւ նաեւ՝ համաժողովի մասնակցիներէն Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Ժան-Նոէլ Պարրոյի եւ Պաղեստինի ինքնավարութեան արտաքին գործոց նախարար Վարսէն Աղաբէկեանի հանդիպումը։

«Երեւանեան երկխօսութիւն» երկրորդ համաժողովի օրերուն կարեւոր միտք մըն ալ արտայայտեց Սեւծովեան տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան (ՍԾՏՀԿ) ընդհանուր քարտուղար Լազար Քոմանեսքու. «Չենք կրնար խօսիլ մեծ նախագիծերու մասին՝ անտեսելով Կովկասն ու Սեւ ծովու տարածաշրջանը»։ Նոյն հարթակին վրայ Իրանի արտաքին գործոց փոխ-նախարար Սայիտ Խաթիպզատէն ալ յայտնեց, որ Երեւանն ու Պաքուն պէտք է խուսափին լարուածութիւնը մեծացնելէ ու պէտք է ընթանան դէպի խաղաղութեան հաստատումը։

Միւս կողմէ, Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան այսօր Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հրաւէրով կ՚այցելէ Լաչին, ուր կը մասնակցի նորակառոյց օդակայանի պաշտօնական բացման արարողութեան։

Չորեքշաբթի, Մայիս 28, 2025